Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ. «Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Մէջ Իրանի Դերակատարութիւնը Կ՛ողջունենք Եւ Անոր Կը Վստահինք»

September 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաշշար Ասատ
Պաշշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ողջունեց Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Իրանի դերակատարութիւնը, ջանքերն ու աշխատանքը: «Սուրիացի ժողովուրդը կը վստահի շրջանի ժողովուրդներուն եւ անոնց արդար դատերուն աջակցող իրանեան դերակատարութեան», ըսաւ ան:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է ահաբեկչութեան տարածման ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարիլ յաւակնող կարգ մը երկիրներու եւ ուժերու կողմէ այդ խմբաւորումներուն աջակցութեան պատճառով սուրիացի ժողովուրդին եւ շրջանի ժողովուրդներուն դիմագրաւած վտանգները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման հոլովոյթը կեանքի կոչելու համար միջազգային ու շրջանային թատերաբեմերուն վրայ յառաջադրուած գաղափարները:

Ապտելլահեան իր կարգին Սուրիոյ նախագահին, սուրիացի պաշտօնատարներու եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումներէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի պաշտօնատարներուն եւ նախագահին հետ խոր քննարկումի ենթարկած է Սուրիոյ տագնապին լուծման իրանեան նախաձեռնութիւնն ու անոր կէտերը` նշելով, որ անոնք պարզապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի կողմէ սուրիական ղեկավարութեան ներկայացուած գաղափարներ են, որոնց մանրամասնութիւնները կը քննարկուին ու կ՛ուսումնասիրուին:

Ապտելլահեան նշեց, որ տագնապի լուծման առումով իրանեան որեւէ նախաձեռնութիւն պիտի վայելէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը, եւ շրջանային երկիրներուն կոչ ուղղեց` քաղաքական լուծման օժանդակելու:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին վերջինս իրանեան նախաձեռնութեան կարգ մը կէտերուն համաձայն գտնուած է եւ քննադատած կարգ մը այլ կէտեր, որոնց շուրջ բարեփոխումներ ներկայացնել խոստացած է:

 

Նախորդը

Մամլոյ 107-րդ Լսարան. Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

Յաջորդը

«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Պահպանումը Պատճառ Պիտի Դառնայ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Ձախողութեան» Ըսաւ Խամենէի

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.