Երէկ առաւօտեան ուժեղ երկրաշարժ մը արձանագրուեցաւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Լուրը հաղորդող ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ երկրաշարժին կեդրոնը ճշդուած չէ:
Աղբիւրը դէպքէն այլ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր, միայն կը նշէ, որ նոյն ժամուն երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ նաեւ Վրաստանի մէջ:
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան համաձայն, երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Հայաստանի շարք մը բնակավայրերու մէջ: