Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ բանակայիններու եւ ոստիկաններու տարազ կրող դիմակաւոր զինեալներ առեւանգած են 18 թուրք աշխատաւորներ եւ ճարտարապետներ: «Նուրոլ Հոլտինկ» ընկերութեան աշխատաւորներն ու ճարտարապետները առեւանգուած են Պաղտատի Սատր Սիթի շրջանին մէջ գտնուող մարզադաշտի մը կառուցման վայրէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ դէպքին առնչութեամբ կապի մէջ է իրաքեան իշխանութիւններուն հետ: Պիլկիչ նշեց, որ առեւանգեալներէն 14-ը աշխատաւորներ են, երեքը` ճարտարապետներ եւ մէկը` հաշուապահ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին երէկ հաստատեց առեւանգման լուրը` աւելցնելով, որ Թուրքիա արդէն իսկ կապի մէջ է իրաքցի պաշտօնատարներու հետ: «Տակաւին շատ նոր զարգացում մըն է: Մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք», ըսաւ ան լրագրողներուն` աւելցնելով. «Իրաքցի պաշտօնատարներ տեղեակ չեն, թէ դէպքը ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ եւ ո՛վ գործադրած է զայն»: