Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն, Պրիւքսէլ Եւ Լոնտոն Դատապարտած Են Խատիճա Իսմայիլովայի Բանտարկումը

Սեպտեմբեր 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խատիճա Իսմայիլովա
Խատիճա Իսմայիլովա

Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնն ու Բրիտանիան խստօրէն դատապարտած են ազրպէյճանցի յայտնի լրագրող, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական գրասենեակի աշխատակից Խատիճա Իսմայիլովան 7,5 տարի բանտարկելու որոշումը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իրենք խորապէս մտահոգուած են Պաքուի դատարանին տուած վճիռով: «Այս դէպքը դարձաւ հերթական ապացոյցը այն բանի, որ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու, նաեւ մամլոյ ազատութեան սահմանափակման միտում կայ», յայտնած են նախարարութենէն` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յորդորելով ազատ արձակել Իսմայիլովան եւ միւսները, որոնք զրկուած են ազատութենէն` իրենց իրաւունքները գործադրելու պատճառով: Միաժամանակ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղած է` հետեւողական ըլլալու մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները գործադրելու հարցին մէջ:

Իսմայիլովան բանտարկութեան դատապարտող որոշումը քննադատած է նաեւ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն: «Ես մտահոգուած եմ այն տեղեկութիւններով, որոնք կ՛առնչուին դատական վճիռի հրապարակման, եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կը յորդորեմ վերատեսութեան ենթարկելու գործը աւելի թափանցիկ եւ արդար ձեւով», նշած է Լիտինկթըն` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով յստակ քայլերու ձեռնարկելու երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը բարելաւելու համար: «Բրիտանիան ամէն առիթ պիտի օգտագործէ` մտահոգութիւնները յայտնելու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ», ընդգծած է բրիտանացի նախարարը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւս Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յորդորած է թափանցիկ եւ վստահելի ձեւով վերատեսութեան ենթարկելու վճիռը` կատարելով երկրին ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները: Մոկերինի նշած է, որ կան կասկածներ, թէ Իսմայիլովայի դատավարութիւնը բեմադրուած է իշխանութիւններուն կողմէ:

Խատիճա Իսմայիլովան հեղինակ է Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեան վերին օղակներու փտածութեան փաստերու լրագրական հետաքննութիւններու, որոնց ընթացքին բացայայտուած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին ապօրինի կերպով պահ դրուած հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող հարստութիւնը:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը

Յաջորդը

«Թուրքիան Պիտի Չհրաժարի «Թրքական Հոսք» Նախագիծէն» Կ՛ըսէ Այշէ Սինիրլիօղլու

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?