
Բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի սպանութենէն առաջ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլեր գաղտնի կերպով զգուշացուցած է զինք անոր սպասող վտանգի մասին:
Լիպիացի բռնապետին ուղղուած գաղտնի հաղորդագրութեան մէջ Պլեր ըսած է հետեւեալը. «Այս արիւնահեղութիւնը խաղաղ ձեւով պիտի չաւարտի: Եթէ ապահով վայր մը ունիս, գնա՛ այդտեղ ու մի՛ վերադառնար»: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ հաղորդագրութիւնը ուղարկուած է 25 փետրուար 2011-ին` Քազզաֆիի մահէն ամիսներ առաջ:
Յիշեցնենք, որ Քազզաֆին դաժանաբար սպաննուած է 20 հոկտեմբեր 2011-ին` ընդդիմադիրներու ձեռքը գերի իյնալէ ետք: Զինուած ամբոխը շրջապատած է օդային հարուածներէն վիրաւորուած բռնապետին ու սկսած վարկաբեկել, տանջամահ ընել զինք: Հետագային սարսափելի լուսանկարները յայտնուած էին համացանցին վրայ` ցնցումի մատնելով միլիոնաւոր մարդիկ: