
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ տարածքներուն կապուած հարցը պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով` Եւրոպայի ձեւաչափով բանակցութիւններու միջոցով:
«Զինուորական ճամբով այս հիմնախնդիրին լուծումը բացառուած է», նշած է ան:
Մարկվելաշվիլի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու խորհուրդին մէջ յայտարարած է. «Մարդոց, որոնք կ՛ապրին այդ տարածքներուն մէջ, կ՛ըսենք, որ մենք կը զարգանանք իբրեւ եւրոպական երկիր: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ տարածքներու հարցը պիտի լուծուի Եւրոպայի ձեւաչափով բանակցութիւններու միջոցով: Այս հանգրուանին Ցխինվալի շրջանին մէջ կացութիւնը վատթարացած է»:
Ըստ Վրաստանի նախագահին, «բացառուած է զինուորական ճամբով այս հիմնախնդիրին լուծումը»: