Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բոլորս Ալ Կ՛ուզենք Աշխարհիկ Սուրիա Մը, Եւ Հասարակաց Քայլերու Շուրջ Համաձայնեցանք» Կը Յայտարարեն Լաւրով Եւ Քերրի

October 2, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Քերրի
Լաւրով եւ Քերրի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Սուրիան աշխարհիկ եւ միացեալ ըլլայ` աւելցնելով. «Հասարակաց քայլերու շուրջ համաձայնեցանք»: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ կապի մէջ մնալ Քերրիի հետ` նշելով. «Միշտ պատրաստ ենք իրարու հետ կապի մէջ մտնելու»:

Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ իրենք համաձայնած են, որ ամէնէն մօտիկ ժամանակին պէտք է երկու երկիրներուն բանակները իրարու հետ կապ հաստատեն բախումէ մը խուսափելու համար, «եւ սուրիական տագնապին լուծման տարբեր միջոցները քննարկեցինք»: Քերրի նշեց. «Վերստին արտայայտեցի Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ հարուածած թիրախներուն բնոյթին շուրջ մեր մտահոգութիւնները»:

ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ապտալլա Մուալլեմի յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ կատարուած ռուսական զինուորական գործողութիւններէն:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ռուսական օդուժի թիրախներու ճշդումը կը կատարուի սուրիական բանակին հետ համակարգումի միջոցով` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին ծախսերը կը հոգայ ռուսական կողմը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկրին պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սուրիոյ հարցով կապի մէջ է Փենթակոնի հետ` աւելցնելով, որ երկու երկիրները մտադիր են Սուրիոյ մէջ համակարգումի համար անմիջական մեքանիզմ մը ճշդել: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի հարուածներուն պատճառով քաղաքային զոհերու մասին տեղեկութեանց, Փութին ըսաւ, որ անոնք «տեղեկատուական յարձակումներ» են:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ռուսական ծովուժի մասնայատուկ ուժեր ցամաքահանում կատարած են` Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական կեդրոնները պաշտպանելու համար: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ռուսական երկու մարտանաւեր Սեւ ծովէն կ՛ուղղուին Միջերկրական ծով` Թարթուսի մէջ ծովուժի եւ Լաթաքիոյ մէջ օդուժի ռազմակայաններու անվտանգութիւնը ապահովելու համար` աւելցնելով. «Այսօր Իտլիպի գիւղական շրջաններուն, Հոմսի եւ Համայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ 4 օդային հարուածներ կատարեցինք»:

Նշենք, որ սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ մէջ գրաւուած է ինքնաշարժ մը, որ ականուած էր 1 թոն պայթուցիկ նիւթերով:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լիբանանեան աղբիւրներ յայտարարած են, որ Հըզպալլա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ցամաքային մեծ գործողութիւն մը կը ծրագրէ` աւելցնելով, որ իրանեան ուժերու հարիւրաւոր անդամներ 10 օր առաջ հասած են Սուրիա` մասնակցելու համար ցամաքային այդ գործողութեան: Աղբիւրները նշած են, որ Սուրիոյ բանակին ու անոր դաշնակիցներուն ցամաքային գործողութեան օդային հարուածներով պիտի մասնակցին ռուսական կործանիչներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ շեշտեց. «Պիտի չարտօնենք, որ Թուրքիոյ սահմանին վրայ ահաբեկչութիւնը արմատ նետէ կամ կատարուած իրողութիւն ստեղծուի»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտնեց, որ «պէտք է քաղաքական գետնի վրայ Սուրիան պահենք միացեալ, աշխարհիկ, ժողովրդավար, յարանուանութեան մը չկապուած եւ ներկայ նախագահ Պաշշար Ասատէն ազատ»` նշելով. «Ասատի վարչակարգն է, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու յայտնուելուն նպաստեց»:

 

Նախորդը

«Իրան Ահաբեկչութեան Մեծագոյն Հովանաւորն Է» Կ՛ըսէ Ժուպէյր

Յաջորդը

Թրքական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

September 29, 2026
Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

September 29, 2026
Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.