Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Կապի Մէջ Է Ուաշինկթընի Հետ` Քննարկելու Համար Սուրիական Տագնապի Լուծումները» Ըսաւ Լաւրով

October 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը կատարուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքին հիմամբ` պայքարելու համար ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական մնացեալ խմբաւորումներուն դէմ` նշելով. «Ռուսիա կապի մէջ է Ուաշինկթընի հետ` քննարկելու համար սուրիական տագնապի լուծումները»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ քանի մը անգամ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ եւ քննարկած առանց ամերիկեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ Սուրիոյ մէջ բախումին լուծումներու հասնելու հարցը: Ան նշեց, որ իր երկիրը առաջարկած է, որ երկու բանակները իրարու հետ կապ եւ համակարգում ունենան, «եւ այդ հարցին շուրջ ամերիկեան կողմի պատասխանին կը սպասենք»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները քայլերու պիտի ձեռնարկեն Ռուսիոյ դիմակայելու համար: Ռուսիոյ գործողութիւնները պատճառ դարձած են Սուրիոյ մէջ պատերազմական վիճակի մագլցումին: Մենք Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղենք` գործելու անվտանգ: Մենք պատրաստ ենք Ռուսիոյ հետ հետագայ համագործակցութեան»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերը Սուրիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի 9 դիրքերու դէմ 25 յարձակում գործած են: Անոնք նաեւ քանդած են Ժըսր Շուղուրի մէջ ահաբեկիչներու հրետանիի դիրք մը:

Տումային մէջ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ Սեւ ծովու նաւատորմիղի նախկին հրամանատար Վլատիմիր Քոմոյիտով յայտնեց, որ ռուսական ծովուժը կրնայ օգտագործուիլ պաշարման ենթարկելու սուրիական ծովափը, զէնք ու զինամթերք փոխադրելու եւ եթէ պէտք ըլլայ ռմբակոծելու սուրիական հողամասերուն խորքը:

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ Մոհամետ յայտարարած է, որ սուրիացի քիւրտերը կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Ռուսիոյ գործողութիւններուն եւ Մոսկուայի հետ զինուորական համագործակցութեան յոյս ունին:

«Մենք կողմնակից ենք բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ մէջ կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա, թէեւ այդ գործողութիւնները ուշացած են, սակայն անոնք կը վայելեն մեր աջակցութիւնը: Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա, ի վերջոյ, պիտի նպաստէ Սուրիոյ տագնապին լուծման», յայտարարած է Մուսլիմ: Ըստ անոր, ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ Ռուսիոյ օդային հարուածները «արդիւնաւէտ են եւ կը հասնին իրենց նպատակին», եւ ատոր վկայութիւնը «աղմկալի արձագանգն է այն երկիրներու լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնք կը պաշտպանեն ահաբեկչութիւնը Սուրիոյ մէջ»:

Մուսլիմ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելու ընթացքին Մոսկուան կրնայ աշխուժօրէն գործակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւներուն մէջ իրենց մարտունակութիւնը արդէն իսկ ապացուցած Ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն հետ: «Քրտական կողմը ներկայիս կը համագործակցի միջազգային դաշինքին հետ եւ, ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք, որ ե՛ւ քիւրտերը, ե՛ւ դաշինքը ահաբեկչութեան դէմ այդ պայքարին մէջ համագործակցին Ռուսիոյ հետ: Մենք կ՛ուզենք, որ բոլոր կողմերը համախմբուին այդ չարիքին դէմ», ըսած է քիւրտ ղեկավարը:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Ականահարած Է Փալմիրի Յաղթանակի Կամարը

Յաջորդը

Անգարա Կը Զգուշացնէ, Մոսկուա Փաստերը Պիտի Ուսումնասիրէ. Ռուսական Պատերազմական Օդանաւ Մը Խզած Է Թուրքիոյ Օդային Սահմանը

RelatedPosts

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի  Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

March 10, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

March 10, 2026
Զախարովա. «Ռուսիան Թեհրանին Եւ Պաքուին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Չմտածուած Քայլերէն Զերծ Մնալու»
Միջազգային

Զախարովա. «Ռուսիան Թեհրանին Եւ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Չմտածուած Քայլերէն Զերծ Մնալու»

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.