
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Իրան աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան մեծագոյն հովանաւորն է եւ մեղսակից` դէպի Պահրէյն եւ Սէուտական Արաբիա պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման, ինչպէս նաեւ խափանարարութեան համար արաբական երկիրներուն մէջ բջիջներու կազմութեան»` նշելով. «Իրան Սուրիոյ մէջ բռնագրաւող ուժի վերածուեցաւ: Անիկա քաղաքական լուծման մէջ կրնայ մեծ դեր կատարել այն ժամանակ միայն, երբ իրանեան ուժերն ու Սուրիա բերած իր միլիսները հեռացնէ»:
«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք չէ փոխանցման հոլովոյթին մէջ դեր ունենայ», ըսաւ ան` նշելով, որ Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ համաձայնութեան արժանացած առաջին սկզբունքը այն է, որ «Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ապագայ չունի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա այդ սկզբունքին համաձա՞յն է, սէուտական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Լուծումը Ռուսիայէն կախեալ չէ, որովհետեւ առաջին սկզբունքը այն է, որ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ապագայ չունի, իսկ երկրորդը` պահպանումն է սուրիական քաղաքային եւ զինուորական կառոյցներուն, որպէսզի քաոս չտիրէ եւ քայքայում տեղի չունենայ, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը կարենայ ապահովութիւնը պահպանել եւ իր ժողովուրդին ու քաղաքացիներուն ծառայութիւններ ապահովել, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող ծայրայեղութեան դէմ պայքարիլ»: «Այս առնչութեամբ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի», աւելցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութեանց, Ժուպէյր ըսաւ, որ անոնք ներկայէն աւելի ընդարձակ պէտք է ըլլան, որովհետեւ երկու երկիրներուն թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ալ քաղաքական կշիռը անոնց յարաբերութեանց ծաւալին համահունչ չէ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ սուրիական տագնապին հարցով հիմնական տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:
Միւս կողմէ, սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ առողջապահութեան նախարար Խալետ Ֆալեհ եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Հասան Հաշիմի համաձայնութիւն գոյացուցած են Մունայի մէջ տեղի ունեցած հրմշտուքին զոհ գացած եւ իրենց ինքնութիւնը յայտնի դարձած իրանցի ուխտաւորներու մարմինները կարելի եղածին չափ շուտ Իրանի յանձնելու շուրջ:
Իրանեան իշխանութիւնները երէկ հաստատեցին, որ Մունայի ողբերգութեան 464 իրանցի զոհերուն շարքին են Լիբանանի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Ղատանֆար Ռուքն Ապատի եւ երեք այլ դիւանագէտներ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերու խորհրդատուն երէկ յայտարարեց. «Սէուտ ընտանիքին պէտք է դաս տրուի, եւ մենք ատիկա յարմար պահուն պիտի կատարենք»: