Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ ուղղուած կարծր յայտարարութիւն մը հրապարակած է` 3 հոկտեմբերին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարող ռուսական օդանաւի մը կողմէ թրքական օդային տարածքի խախտման վերաբերեալ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ռուսական օդանաւը խախտած է սահմանը Ալեքսանտրէթի շրջանին մէջ եւ միայն թրքական «Էֆ-16» կործանիչներու միջամտութեամբ վերադարձած է Սուրիա: «Այս առնչութեամբ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կանչուած է նախարարութիւն, ուր անոր յայտնած ենք մեր կտրուկ բողոքը եւ պահանջած այսուհետեւ այդպիսի դէպք չարտօնել, հակառակ պարագային հաւանական ոչ ցանկալի հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը», կ՛ըսուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Անգարայէն «Հիւրրիյէթ»-ի նաեւ յայտնած են, որ այս հարցին առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ռուս գործընկերոջ` Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտարարեց, որ «Ռուսական իշխանութիւնները Թուրքիոյ յայտնեցին, որ շաբաթ օր ռուսական օդանաւի մը կողմէ կատարուած սահմանախախտումը սխալ մըն էր, որ պիտի չկրկնուի»` նշելով. «Թուրքիոյ հակադարձութեան օրէնքները յստակ են` անկախ այն իրողութենէն, որ անոր օդային սահմանները խախտողը ո՛վ է»: Ան նաեւ շեշտեց. «Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը տագնապը կը մղէ մագլցումի»:
Սակայն Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատելով, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, յայտնեց. «Անոր բողոքագիր յանձնուած է, ուր կը յիշատակուին յստակ փաստեր, որոնք մենք պիտի ուսումնասիրենք»:
Հաղորդուեցաւ, որ Տաւութօղլու հրաւիրած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը` մասնակցութեամբ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի, նախարարներու եւ այլոց` քննարկելու համար Սուրիոյ զարգացումները եւ թուրքսուրիական սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
«Արապիա» հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ դատապարտած է Ռուսիոյ կողմէ թրքական օդային տարածքին խախտումը:
Մինչ այդ, Փենթակոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց. «Չեմ կարծեր, որ արձանագրուածը արկած մըն էր», եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց «անվտանգ եւ պատասխանատու» կերպով գործելու: