
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Հարկ է իրանեան իշխանութիւնները մասնակից դարձնել Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման շուրջ միջազգային բանակցութիւններուն»:
Քըրպի` ակնարկելով Վիեննայի մէջ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ քառակողմ բանակցութիւններուն, ըսաւ. «Այս շաբթուան վերջաւորութեան դիւանագիտական բանակցութեանց նոր փուլ մը կրնայ արձանագրուիլ»` նշելով. «Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ Իրանի դերակատարութիւնը, ներառեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հըզպալլային աջակցութիւնը, անօգուտ է»:
Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շատ լաւ կը գիտակցի, թէ այս հոլովոյթը բարդ է, ժամանակի պիտի կարօտի եւ` «երբ հոն հասնինք բոլորէն զիջումներ պիտի պահանջէ»:


