Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանրապետութեան տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Թուրքիան կը շարունակէ ենթարկուիլ պետութիւնը տապալելու փորձերուն, որոնցմէ իրմէ առաջ կը տառապէր օսմանեան պետութիւնը»` աւելցնելով. «Աշխարհի վրայ չկայ որեւէ այլ ազգ, որ մեր ազգին փառքին ու ժառանգութեան նմանը ունի»:
«Մենք սելճուքեան պետութեան զաւակներն ենք, այդ պատճառով ալ հանրապետութեան շէնքին արտաքինը կառուցուեցաւ սելճուքեան ոճով, իսկ ներքին մասը` օսմանեան ոճով», ըսաւ ան:
Էրտողան աւելցուց. «Յեղաշրջման բազմաթիւ փորձեր ապրեցանք, սակայն անցեալ տարի տեղի ունեցած վերջին յարձակումը շատ վայրագ էր»:
«Անցնող 13 տարիներուն բաղդատմամբ հանրապետութեան պատմութեան 80 տարիներուն, յաջողեցանք շատ բան կատարել, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջին հարիւրամեակին վերաբերեալ պատկերացման զարգացման գծով աշխատեցանք», ըսաւ Էրտողան: