Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Չի Բացառեր, Որ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Տարեվերջէն Առաջ Այցելէ Մոսկուա

October 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kremlin_102715

Քրեմլին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորը համաձայն են այն մասին, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար հարկ է երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակել:

Քրեմլին նաեւ յայտնեց, թէ բացառուած չէ, որ Սալման թագաւորը տարեվերջէն առաջ այցելէ Մոսկուա:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր ըսաւ, որ Ուաշինկթըն  պիտի չարտօնէ Սուրիոյ մէջ ռուսական գործունէութեան` ազդել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր պայքարին վրայ: «Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ օդային օժանդակութեան միջոցով կամ գետնի վրայ ուղղակի մասնակցութեամբ տեղական ուժերուն աջակցիլ ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի եւ պիտի աշխուժացնէ Ռաքքայի ու Ռամատիի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ ճնշումը»:

Մինչ այդ` Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Ժոզեֆ Տանֆորտ յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը ի շահ Պաշշար Ասատի կը թեքի»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ աշխատանքային ընթրիքի մը շուրջ համախմբեց Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Քաթարի, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ եւ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչները:

Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան հասնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւնները ուժեղացնելու կարելիութիւնները:

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ. Թուրքիոյ Պատկերասփիւռի Կայանները Խիստ Սահմանափակ Ժամանակ Տրամադրած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.