Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է

Հոկտեմբեր 31, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vienna_103015

Երէկ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած ժողովին մասնակից երկիրները ՄԱԿ-էն խնդրեցին սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթ մը կազմակերպել: Անոնք նաեւ որոշեցին 3 եւ 4 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ դարձեալ բանակցութիւններ վարել, սակայն այս անգամ` Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ժողովի աւարտին որդեգրուած հաղորդագրութիւնը կոչ կ’ուղղէ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններէն առաջ կազմելու հաւաստի, ոչ յարանուանական եւ ոչ ոք մեկուսացնող կառավարութիւն մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ժողովի աւարտին յայտնեց. «Ասիկա նոր հանգրուան մըն է, եւ մենք բոլորս համոզուած ենք, որ պէտք է իսկական բանակցութեանց վերադառնալ»: Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ համաձայնած են Ասատի ճակատագիրին շուրջ տարակարծիք մնալ, եւ աւելցուց. «Ասատ չի կրնար իշխանութեան վրայ մնալ, սակայն լուծումի հասնելու համար կարիքը ունինք երկխօսութեան»:

«Համաձայնեցանք, որ քաղաքական հոլովոյթը սուրիական հոլովոյթ մըն է եւ սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր երկրին ապագան պիտի ճշդէ», ըսաւ Քերրի` նշելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու:

Անոր ռուս պաշտօնակիցը` Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց, որ «Կ’ուզենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել եւ այլ խմբաւորումներ ալ ներառել ահաբեկչութեան ցանկին վրայ»` աւելցնելով. «Կ’ուզենք սուրիացիներու տառապանքին վերջ տալ եւ ահաբեկիչներուն այդ երկրին մէջ իշխանութեան հասնելուն արգելք հանդիսանալ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Համաձայնեցանք պահպանելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, իսկ ամէնէն կարեւոր համաձայնութիւնը այն էր, որ այս խմբակը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` քաղաքական հոլովոյթին սկսելու»: Ան յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է քաղաքական հոլովոյթին զուգահեռ զինադադար հաստատելու, սակայն ատիկա ահաբեկիչները չի ներառեր:

Խօսելով Ասատի ճակատագիրին մասին` Լաւրով ընդգծեց. «Ես չըսի, որ Ասատը պէտք է հեռանայ կամ Ասատը պէտք է մնայ, այլ ըսի, թէ Ասատի ճակատագիրը սուրիացի ժողովուրդն է, որ կը ճշդէ»:

Նախորդը

Վաղը Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութեան Մեծ Աճ Կը Նախատեսուի

Յաջորդը

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը Եւ Կը Ստանայ Օժանդակութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?