Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Թրքական Ընտանիք Մը  «Մաւի Մարմարա»-ի Հարցով  Դատ Կը Բանայ Էհուտ Պարաքի Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Թրքական Ընտանիք Մը «Մաւի Մարմարա»-ի Հարցով Դատ Կը Բանայ Էհուտ Պարաքի Դէմ

Էհուտ Պարաք Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 2009-ին տեղի ունեցած «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպին հարցով Միացեալ Նահանգներու մէջ երկուշաբթի դատ բացուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Էհուտ Պարաքի դէմ: Դատական հայցը ներկայացուած է դէպքին զոհերէն Ֆարքան Տողանի ընտանիքը: Ըստ օրաթերթին, Պարաք պիտի կանգնի Քալիֆորնիոյ մէջ դատարանի մը առջեւ, եւ «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպի միւս զոհերուն ընտանիքները եւս պիտի կարողանան միանալ...

Թուրքիոյ Մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի  Անդամներու Ձերբակալութիւններ

Թուրքիոյ Մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներու Ձերբակալութիւններ

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ թրքական ապահովական մարմինները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններու սկսած են: Քոնիայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք, ձերբակալուած է 30 կասկածելի: Քաղաքին մէջ գործողութիւնները կը շարունակուին: Թրքական ապահովական ուժերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւններու սկսած են նաեւ Պոլսոյ մէջ, ուր տարբեր հասցէներու մէջ միաժամանակ խուզարկութիւն կատարուած է: Կասկածեալներէն մէկը կրցած է փախուստ տալ:...

ՏԱՀԵՇ Փալմիրի Մէջ Սիւներ Պայթեցնելով`  Երեք Անձ Մահապատիժի Կ՛ենթարկէ

ՏԱՀԵՇ Փալմիրի Մէջ Սիւներ Պայթեցնելով` Երեք Անձ Մահապատիժի Կ՛ենթարկէ

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ հնագիտական Փալմիր քաղաքին մէջ երեք անձ մահապատիժի ենթարկած է: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները զանոնք կապած են սիւներու, որոնք պայթեցնելու ճամբով գործադրած են մահապատիժը: Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները այս ձեւով մահապատիժ կը գործադրեն: Քանի մը օր առաջ անոնք Սուրիոյ բանակէն զինուոր մը մահապատիժի ենթարկած էին հրասայլով անոր վրայէն անցնելով: 5 հոկտեմբերին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները...

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ըստ ՍԱՆԱ-ի, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան պատերազմը եւ սուրիական հակամարտութեան քաղաքական լուծման հարցը: Ասատ սուրիացի ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնեց Օմանի կեցուածքներուն եւ սուրիացիներուն օգնելու համար ի գործ դրուող ջանքերուն համար: Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան վերջ տալը պիտի նպաստէ Սուրիոյ մէջ...

Թուրքիոյ Խորհրդարանական  Արտակարգ Ընտրութիւններ  «Էրտողան Նախագահական  Համակարգին Մէջ Խալիֆա Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Տիլիփաք

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ «Էրտողան Նախագահական Համակարգին Մէջ Խալիֆա Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Տիլիփաք

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետեւորդ յօդուածագիր մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի որդեգրման պարագային, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խալիֆա» կամ սիւննիական աշխարհի ղեկավարը պիտի ըլլայ: Թրքական «Ենի Աքիթ» օրաթերթի յօդուածագիր Ապտուրահման Տիլիփաք Թորոնթոյի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական համակարգման կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիոյ...

Ուժգին Երկրաշարժ Փաքիստանի  Եւ Աֆղանիստանի Մէջ

Ուժգին Երկրաշարժ Փաքիստանի Եւ Աֆղանիստանի Մէջ

7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Փաքիստանի հիւսիսը եւ Աֆղանիստանի հարաւը` պատճառելով աւելի քան 150 զոհ: Երկրաշարժը զգացուեցաւ նաեւ հիւսիսային Հնդկաստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ: Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր լեռնային Հինտու Քուշ շրջանին մէջ` Ֆայզապատէն 76 քիլոմեթր հարաւ: Միայն Փաքիստանի մէջ զոհերուն թիւը 123 էր: Անոնց մեծամասնութիւնը արձանագրուեցաւ Խայպեր Փախթունխուա նահանգի Մալաքալանտ շրջանին մէջ: Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ արտասահման իր այցելութիւնը...

Անձնասպանական Գործողութիւն  Սէուտական Արաբիոյ Նաճրան Շրջանին Մէջ

Անձնասպանական Գործողութիւն Սէուտական Արաբիոյ Նաճրան Շրջանին Մէջ

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ հարաւը գտնուող Նաճրան նահանգի Եմանի սահմանամերձ Տահհտա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը` թիրախ դարձնելով շիիներու «Մաշհատ» մզկիթը: Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ անձնասպանական գործողութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է մէկ մեռեալ, եւ կան վիրաւորներ: Աւելի ուշ, ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական խմբաւորումը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:...

Օպամա Վեթոյի Ենթարկած Է Ուքրանիոյ  Զէնքի Մատակարարումներ Արտօնող Օրինագիծը

Օպամա Վեթոյի Ենթարկած Է Ուքրանիոյ Զէնքի Մատակարարումներ Արտօնող Օրինագիծը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վեթոյի ենթարկած է 1 հոկտեմբեր 2016-ին սկսած ելեւմտական տարուան պաշտպանութեան մարզի ծախսերու օրինագիծը: Միացեալ Նահանգներու պիւտճէի նախագիծը կը ներառէր կէտ մը, որ կը վերաբերէր Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան ցուցաբերման: Նախագահին այս որոշման պատճառներուն մասին բազմիցս յայտարարած է անոր բանբերը` Ճոշուա Էռնեսթ: Ըստ վերջինիս, ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարին չեն գոհացներ քանի մը «պահեստային ֆոնտերը»,...

Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան  Նախարարութեան Բարձրաստիճան  Աշխատակիցները Ձերբակալուած Են

Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Նախարարութեան Բարձրաստիճան Աշխատակիցները Ձերբակալուած Են

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանագիրով երկիրի Ազգային անվտանգութեան նախարար Էլտար Մահմուտովի անակնկալ պաշտօնազրկումէն անմիջապէս ետք յիշեալ նախարարութեան մէջ Անվտանգութեան պետական ծառայութեան եւ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ համատեղ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք ձերբակալուած են Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան Հսկողութեան կեդրոնի (հեռաձայններու լսման վարչութիւն) աշխատակիցներ, որոնց կարգին` Նաթաւան Մամետովան եւ զօրավար-գնդապետ Թէյմուր Կուլիեւը, ինչպէս նաեւ Ահաբեկչութեան դէմ...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը  Բաւարարած Է Ազրպէյճանական 2010-ի  Ընտրութիւններուն Վերաբերող  Խախտումներու Գործը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Բաւարարած Է Ազրպէյճանական 2010-ի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Խախտումներու Գործը

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած է ազրպէյճանցի փաստաբան Անակի Հաճիպէյլիի բողոքը` 2010-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին իր իրաւունքներու խախտման վերաբերող: Ազրպէյճանի փաստաբաններու միութեան նախագահ Հաճիպէյլին 2010-ի ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուած էր: Դատարանը ճանչցած է, որ խախտուած է Մարդկային իրաւանց ու ազատութիւններու եւրոպական ուխտի առաջին արձանագրութեան երրորդ յօդուածով նախատեսուած ազատ ընտրութիւններու իրաւունքը: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը պահանջած է Հաճիպէյլիին վճարել 10,000 եւրօ` իբրեւ...

Թունուզի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Հոսքի  Կրճատման Պատճառով 70 Պանդոկ Փակուած Է

Թունուզի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Հոսքի Կրճատման Պատճառով 70 Պանդոկ Փակուած Է

«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Թունուզի մէջ սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու հոսքի կրճատման պատճառով 70 պանդոկ փակուած է: Զբօսաշրջիկներու հոսքը կրճատուած է երկրին մէջ տեղի ունեցած երկու ահաբեկչութենէն ետք: Ըստ Թունուզի Պանդոկներու դաշնակցութեան ղեկավարին, կը նախատեսուի նաեւ այլ պանդոկներու գործունէութեան դադրեցումը: Օգոստոսին ահաբեկչական յարձակումէն ետք Թունուզի իշխանութիւնները որոշած էին երկու ամիսով երկարաձգել 4 յուլիսին յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը:  

Բրիտանիոյ Մէջ Մեծապէս Նուազած Է  Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Կողմնակիցներու Թիւը

Բրիտանիոյ Մէջ Մեծապէս Նուազած Է Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Կողմնակիցներու Թիւը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ, ըստ Իփսոս Մորի ընկերութեան կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներուն, վերջին ամիսներուն Բրիտանիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան աջակցող բրիտանացիներուն թիւին համեմատութիւնը 61 առ հարիւրէն նուազած է 52 առ հարիւրի: Եւրոպական միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալու աջակցողներուն համեմատութիւնը 39 առ հարիւր է: Յունիսին տեղի ունեցած նախորդ հարցախոյզին ընթացքին անոնց համեմատութիւնը 27 առ հարիւր էր: Բրիտանացի մեկնաբանները կը նշեն, որ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին...

Էրտողան Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն  Կուսակցութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հիւսիսային  Սուրիոյ Տիրել Փորձելու Յանցանքով

Էրտողան Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութիւնը Կ՛ամբաստանէ Հիւսիսային Սուրիոյ Տիրել Փորձելու Յանցանքով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ամբաստանեց հիւսիսային Սուրիոյ տիրել փորձելու յանցանքով` շեշտելով, որ «որեւէ պարագայի» կարելի չէ արտօնել, որ հիւսիսային Սուրիան «անոնց ծրագիրներուն զոհը դառնայ», որովհետեւ այդ մէկը Թուրքիոյ ուղղուած սպառնալիք մըն է: «Ոմանք նպատակ ունին տիրել հիւսիսային Սուրիոյ, եւ ես յստակ կերպով կ՛ըսեմ, թէ պիտի չարտօնենք, որ հիւսիսային Սուրիան ձեր ծրագիրներուն զոհը ըլլայ, որովհետեւ այդ...

Ըստ Ռուս Երեսփոխանի Մը.  Ասատ Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Վերջ Տալէ Ետք  Նախագահական Կանխահաս Ընտրութիւններու Մասնակցելու

Ըստ Ռուս Երեսփոխանի Մը. Ասատ Պատրաստ Է Ահաբեկչութեան Վերջ Տալէ Ետք Նախագահական Կանխահաս Ընտրութիւններու Մասնակցելու

Նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուս երեսփոխան Ալեքսանտր Եուշենքօ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու, միա՛յն ահաբեկչութեան վերջ տալէ ետք սակայն: Եուշենքօ մաս կը կազմէր Սերկէյ Կաւրիլովի գլխաւորութեամբ Ասատի հետ հանդիպում ունեցած Տումայի պատուիրակութեան մը: ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ Ասատ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ ահաբեկչութեան վերջ տալը պիտի առաջնորդէ...

Միջին Արեւելքի Մէջ Համագործակցութեան  Զարգացման Շուրջ Լաւրով-Զարիֆ Համաձայնութիւն

Միջին Արեւելքի Մէջ Համագործակցութեան Զարգացման Շուրջ Լաւրով-Զարիֆ Համաձայնութիւն

Զարիֆ - Լաւրով «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումները եւ համաձայնած ընդարձակել նշեալ տարածաշրջանին, յատկապէս Սուրիոյ մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման նպատակով համագործակցութիւնը: Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Լաւրով իրանցի իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է անցեալ շաբաթ Վիեննայի մէջ...

«Սուրիոյ Մասնատումը Ռազմավարական  Կոպիտ Սխալ Պիտի Ըլլար»  Կ՛ըսէ Լարիժանի

«Սուրիոյ Մասնատումը Ռազմավարական Կոպիտ Սխալ Պիտի Ըլլար» Կ՛ըսէ Լարիժանի

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Սոչիի «Վալտայ» միջազգային բանավէճի ակումբին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մասնատումը պիտի ըլլար ահաբեկիչներուն ձեռնտու ռազմավարական սխալ մը: «Ատիկա ռազմավարական կոպիտ սխալ պիտի ըլլար», ըսած է ան: Լարիժանիի կարծիքով` այդպիսի ընթացք մը պիտի նշանակէ Սուրիոյ տարածքի առանձին մասերուն տիրելու ահաբեկիչներու իրաւունքի ճանաչում, ինչ որ կրնայ մեծցնել զինեալներու աշխուժութիւնը տարածաշրջանի միւս երկիրներուն...

Վիեննայի Մէջ Սուրիոյ Հարցին  Շուրջ Քառակողմ Հանդիպում

Վիեննայի Մէջ Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Քառակողմ Հանդիպում

Երէկ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջեւ քառակողմ հանդիպում մը: Սակայն նախքան այդ հանդիպումը, վերոնշեալ նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ: Քառակողմ հանդիպումի աւարտին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ Սուրիոյ...

Սուրիայէն Իրաք Եկող ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները  Հարուածելու Շուրջ Իրաք-Ռուսիա Համաձայնութիւն

Սուրիայէն Իրաք Եկող ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Հարուածելու Շուրջ Իրաք-Ռուսիա Համաձայնութիւն

Հաքեմ Զամելի Իրաքի խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Հաքեմ Զամելի յայտարարեց, որ Պաղտատի մէջ վերջերս հաստատուած տեղեկահաւաքի քառակողմ կեդրոնի ղեկավար Ռուսիոյ եւ Իրաքի միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն` հարուածելու Սուրիայէն Իրաք եկող ՏԱՀԵՇ-ի բոլոր խմբակները: Զամելի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ տեղեկահաւաքի կեդրոնը տակաւին նոր հաստատուած է, սակայն մասնակի կերպով նպաստած է Պիժիի ճակատամարտի շատ քիչ ժամերու եւ նուազագոյն...

Աւստրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Պահանջէ Եւրոպայի  Սահմաններուն Վրայ Պատ Կառուցել

Աւստրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պահանջէ Եւրոպայի Սահմաններուն Վրայ Պատ Կառուցել

Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Ժոաննա Մայքըլ Լայթնըր պահանջած է տարբեր պատերազմներէ եւ բռնարարքներէ փախուստ տուող եւ դէպի Եւրոպա ուղղուող տեղահանուածներու հոսքը վերահսկողութեան ենթարկել չկարենալու պարագային Եւրոպայի սահմաններուն վրայ պատ կառուցել` կասեցնելու համար այդ հոսքը: Ան Սլովենիոյ հետ իր երկրին սահմանային անցք այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հունգարիոյ, Սերպիոյ եւ Խրուաթիոյ հետ իր սահմանը փակելէն ետք, տեղահանուածները սկսած են Սլովենիոյ սահմանէն դէպի...

Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը,  Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը.  Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թուրքիոյ  Ոստիկանութեան Անգարայի Ահաբեկչութեան Մասին  20 Օր Առաջ Տեղեակ Ըլլալուն Մասին Կը Վկայէ

Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը. Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թուրքիոյ Ոստիկանութեան Անգարայի Ահաբեկչութեան Մասին 20 Օր Առաջ Տեղեակ Ըլլալուն Մասին Կը Վկայէ

Հրապարակուած պաշտօնական փաստաթուղթը Թրքական «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակած է պաշտօնական փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ թրքական ոստիկանութիւնը նախապէս տեղեակ եղած է 10 հոկտեմբերին Անգարայի հաւաքին դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան մասին: «Ֆոքս»-ի հաղորդման մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ Թունճելի նահանգի անվտանգութեան տնօրէնութիւնը 17 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ-ի` քաղաքներու եւ բնակավայրերու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելուն մասին պաշտօնական շրջաբերական մը ուղարկած է Թուրքիոյ ոստիկանական...

Page 826 of 882 1 … 825 826 827 … 882

Արխիւներ