Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ. Թուրքիոյ Պատկերասփիւռի Կայանները Խիստ Սահմանափակ Ժամանակ Տրամադրած Են Քրտամէտ Կուսակցութեան

October 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

TRT_102715

Թուրքիոյ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն 5 օր առաջ թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդը հրապարակած է տուեալներ այն մասին, թէ թրքական պատկերասփիւռի կայանները որքան ժամանակ կը տրամադրեն ընտրութիւններուն մասնակից կուսակցութիւններուն:

Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդի անդամ Էրսին Օնկելի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը ակնյայտ կողմնակալութիւն կատարած է կուսակցութիւններուն ժամանակ տրամադրելու ընթացքին:

Ըստ Օնկելի, «Թէ.Ռէ.Թէ»-ն նախընտրական 25 օրուան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահին տրամադրած է 29 ժամ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` 30 ժամ, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան` 5 ժամ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան` 1 ժամ եւ 10 վայրկեան, իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` ընդամէնը 18 վայրկեան, ինչ որ հարիւր անգամ նուազ է, քան իշխող կուսակցութեան տրամադրուած ժամանակը:

Թրքական պատկերասփիւռի 12 ընկերութիւններ, ներառեալ «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն, 25 օրուան ընթացքին Էրտողանին տրամադրած են 138 ժամ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` 238 ժամ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան` 36 ժամ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան` 21 ժամ, իսկ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` 6 ժամ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 1 նոյեմբերին:

Նախորդը

«Հարկ Է Իրանի Իշխանութիւնները Մասնակից Դարձնել Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Փոխանցման Շուրջ Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Քըրպի

Յաջորդը

Քրեմլին Չի Բացառեր, Որ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Տարեվերջէն Առաջ Այցելէ Մոսկուա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.