Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վիեննայի Խորհրդաժողովէն Ետք Սուրիական Տագնապը Լուծելու Կարելիութիւն Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Շթայնմայեր

November 2, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր
Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր գերմանական «Պիլտ ամ Սոնթակ» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց.«Վիեննայի խորհրդաժողովէն ետք սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու կարելիութիւնը գոյութիւն ունի»:

Ան շեշտեց.«Այժմ առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ քաղաքացիները կրնան յուսալ, որ կրնան մօտիկ ապագային դարձեալ իրենց հայրենիքին մէջ ապահով ապրիլ: Այդ մէկը տակաւին աւելի մաղթանք է, քան իրականութիւն, սակայն Վիեննայի մէջ առաջին քայլը առնուեցաւ»:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Վերջինս հանդիպումէն ետք զարմանք յայտնեց, որ Վիեննայի ժողովին հաղորդագրութեամբ «ահաբեկչութեան իրենց աջակցութեամբ ծանօթ երկիրներուն չի պարտադրուիր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուած որոշումները կատարել, որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը ազդու դառնան եւ որեւէ զինադադարի մասին խօսիլը անօգուտ չըլլայ»: Ան վերահաստատեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Տը Միսթուրայի հետ գործակցելու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան հերքեց, թէ իր երկիրը Վիեննայի մէջ Սուրիոյ քաղաքական ապագային վերաբերեալ որեւէ գաղտնի համաձայնութիւն գոյացուցած է: «Իրան Վիեննայի ժողովին ընթացքին չարտօնեց փոխան սուրիացի ժողովուրդին որեւէ որոշում տալ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Սէուտական Արաբիան, ո՛չ ալ Իրանը կրնայ սուրիացի ժողովուրդի իրաւունքին նկատմամբ իր կարծիքը յայտնել: Միայն սուրիացի ժողովուրդն է, որ կրնայ իր ճակատագիրը ճշդել»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «Վիեննայի ժողովը կարգ մը հարցերու մէջ յաջողութիւն արձանագրեց, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին կարգ մը հարցեր, զորս լուծելու համար պէտք է աշխատանք տանիլ»` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման հարցը այն հարցերէն է, որուն շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ»:

Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը նշեց.«Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխեց եւ Սուրիոյ բանակին արտօնեց դարձեալ յարձակումներ գործել»:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Կանխատեսելի Են

Յաջորդը

Սինայի Մէջ Ջախջախուած Ռուսական Օդանաւը Թռիչքի Ընթացքին Երկուքի Կիսուած Է

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.