Միջազգային

Վերջին Ժամ.  Ֆրանսական 10 Ռմբաձիգներ Յարձակում Գործեցին Ռաքքայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Վրայ

Վերջին Ժամ. Ֆրանսական 10 Ռմբաձիգներ Յարձակում Գործեցին Ռաքքայի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Վրայ

Երէկ կէս գիշերին Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ֆրանսական 10 ռմբաձիգներ անդադար յարձակումներ գործած են Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն վրայ:

Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակ Մը  Այնթապի Մէջ Ինքզինք Կը Պայթեցնէ

Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակ Մը Այնթապի Մէջ Ինքզինք Կը Պայթեցնէ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը Այնթապի մէջ ինքզինք պայթեցուցած է` վիրաւորելով թրքական ոստիկանութեան չորս անդամներ: Ան այդ քայլին դիմած է, երբ ոստիկանութիւնը ներխուժած է քաղաքի շէնքերէն մէկուն մէջ գտնուող իր յարկաբաժինը:

Փարիզի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւններու  Հեղինակներէն Մէկուն Ինքնութիւնը Բացայայտուած Է

Փարիզի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւններու Հեղինակներէն Մէկուն Ինքնութիւնը Բացայայտուած Է

Ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ բացայայտած են ինքնութիւնը Փարիզի մէջ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներէն մէկուն, որ ֆրանսական հպատակութեան տէր է` աւելցնելով, որ բացայայտուած են նաեւ յարձակում գործողներուն ֆինանսաւորման աղբիւրները, ինչպէս նաեւ ո՛ր երկրէն Փարիզ հասած ըլլալը: Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազը յայտնեց, որ յայտնաբերուած է Փարիզի մէջ յարձակումները գործողներէն ոմանց կողմէ օգտագործուած, ապա լքուած ինքնաշարժ մը, որուն մէջ շարք մը «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ յայտնաբերուած...

Անթալիոյ Մէջ.  Փութին-Օպամա Կարճատեւ  Հանդիպում` Սուրճի Սեղանի Շուրջ

Անթալիոյ Մէջ. Փութին-Օպամա Կարճատեւ Հանդիպում` Սուրճի Սեղանի Շուրջ

Միջազգային լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Անթալիոյ մէջ սուրճի սեղանի մը շուրջ հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա: Հանդիպումը Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր առաջինն է: Ըստ ռուսական լրատու գործակալութեանց, հանդիպումը տեւած է քսան վայրկեան: Օպամա զրոյցին ընթացքին իր միտքը յստակ դարձնելու համար ձեռքերը կը շարժէր, իսկ Փութինի կողքին կար Օպամայի ազգային...

Անթալիոյ Մէջ Օպամա-Էրտողան Հանդիպում.  «Թուրքիոյ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրենք  Ընդդէմ Ահաբեկչական Շարժումներուն»  Ըսաւ Օպամա

Անթալիոյ Մէջ Օպամա-Էրտողան Հանդիպում. «Թուրքիոյ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրենք Ընդդէմ Ահաբեկչական Շարժումներուն» Ըսաւ Օպամա

Օպամա եւ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անթալիոյ «Ռեկնում» պանդոկին մէջ առաւօտեան ժամը 10:40-ին ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ 10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ եւ 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները ցոյց կու տան, թէ ահաբեկչութեան վտանգը ընդհանուր է: «Ահաբեկչական այս արարքը ոչ...

Վիեննայի Մէջ Համաձայնութիւն` 18 Ամիսէն Սուրիոյ Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Շուրջ

Վիեննայի Մէջ Համաձայնութիւն` 18 Ամիսէն Սուրիոյ Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Շուրջ

Շաբաթ, 14 նոյեմբերին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ 20 երկիրներու պատուիրակութեանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ 18 ամիս ետք Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու կայացման ճամբու քարտէսի մը շուրջ, սակայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը մնաց անլոյծ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները համաձայնած են 6 ամիսէն Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան եւ 18...

Էրտողան Եւրոպան Կը Մեղադրէ Տեղահանուածներու  Հարցին Մէջ Անտարբերութեան Համար

Էրտողան Եւրոպան Կը Մեղադրէ Տեղահանուածներու Հարցին Մէջ Անտարբերութեան Համար

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Եւրոպան մեղադրած է սուրիացի տեղահանուածները մահուան դատապարտելու մէջ: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յիշեցուցած է, որ սուրիական տագնապին պատճառով Թուրքիա արդէն ընդունած է 2,2 միլիոն սուրիացիներ տեղահանուած: «Եթէ 2,2 միլիոն սուրիացիներ դէպի Եւրոպա քալէին, ի՞նչ պիտի ըլլար այդ ժամանակ: Բազմաթիւ երկիրներ փակած...

Ահաբեկչական Ծանր Հարուածներու Շարք`  Ֆրանսայի Սրտին Մէջ. Շուրջ 160 Զոհ

Ահաբեկչական Ծանր Հարուածներու Շարք` Ֆրանսայի Սրտին Մէջ. Շուրջ 160 Զոհ

              ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը հարուածած է Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի զանազան շրջաններ: Փարիզի ոստիկանութիւնը հաղորդած է, թէ նախնական տուեալներով` մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանի «Ֆրանսայի միջազգային մարզադաշտ»-ին շրջակայքը արձակուած կրակոցներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով անմեղ զոհերուն թիւը շուրջ 160 է: «Պաթաքլան» թատերասրահին մէջ պատանդ վերցուած է շուրջ 60...

Անթալիոյ Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ  Օպամա-Էրտողան Հանդիպում Մը

Անթալիոյ Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Օպամա-Էրտողան Հանդիպում Մը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Էռնեսթ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 15 նոյեմբերին Անթալիոյ մէջ պիտի ունենան երկկողմանի հանդիպում մը: Հանդիպումը պիտի կայանայ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 նոյեմբերին` թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ: Կը հաղորդուի, որ հանդիպումին կեդրոնական նիւթերը պիտի ըլլան Սուրիան...

Այսօր Սուրիոյ Շուրջ  Խորհրդաժողով` Վիեննայի Մէջ

Այսօր Սուրիոյ Շուրջ Խորհրդաժողով` Վիեննայի Մէջ

Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Այսօր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին շուրջ ընդլայնուած երկրորդ ժողովը, որուն առաջին ժողովի մասնակից երկիրներուն կողքին պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները: Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպանատունը յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Իրանը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս...

Պարզանի Սինժարի ՏԱՀԵՇ-էն  Ազատագրումը Յայտարարեց

Պարզանի Սինժարի ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրումը Յայտարարեց

Մեսուտ Պարզանի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մեսուտ Պարզանի յայտարարեց, որ փեշմերկաները մեծ յաղթանակ մը արձանագրելով վերատիրացած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած Սինժար նահանգին: Ան Սինժարի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ արձանագրուած յաղթանակը նուիրեց ամբողջ քիւրտ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար եզիտի քիւրտերուն: «Եզիտի քիւրտերը քիւրտ ժողովուրդի մէկ հիմնական մասն են, եւ Սինժարի ազատագրումը դաս է բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն քիւրտ...

Իրան Կ՛ողջունէ Եւրասիական Տնտեսական  Միութեան Անդամակցելու Գաղափարը

Իրան Կ՛ողջունէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Գաղափարը

Մահմուտ Վայեզի Իրանի կապի եւ հաղորդակցութեան նախարար, ռուս-իրանեան միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Մահմուտ Վայեզի «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին  յայտարարած է, որ Իրանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հարցը կրնայ լուծուիլ 2-3 տարուան ընթացքին, Թեհրան ընդհանուր առմամբ կ՛ողջունէ այդ գաղափարը: «Ընդհանուր առմամբ, մենք կ՛ողջունենք այդ գաղափարը: Սակայն այդ հարցին քննարկումները ժամանակ կը խլեն: Պէտք է մեծ աշխատանք տարուի` տարբեր...

Մինչ ՏԱՀԵՇ Մօտալուտ Յարձակումով  Կը Սպառնայ Ռուսիոյ.  «Ուաշինկթըն Սուրիական Վարչակազմը  Տապալելու Համար Իր Գրաւը Դրաւ  ՏԱՀԵՇ-ի Կարողութեան Վրայ»  Ըսաւ Զախարովա

Մինչ ՏԱՀԵՇ Մօտալուտ Յարձակումով Կը Սպառնայ Ռուսիոյ. «Ուաշինկթըն Սուրիական Վարչակազմը Տապալելու Համար Իր Գրաւը Դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի Կարողութեան Վրայ» Ըսաւ Զախարովա

Մարիա Զախարովա «Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ կը սպառնայ Ռուսիոյ դէմ մօտալուտ յարձակում մը գործել: Աւելի ուշ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ «Ուաշինկթըն սուրիական վարչակազմը տապալելու համար իր գրաւը դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի կարողութեան վրայ եւ ասիկա ամերիկեան աւանդական գործելաոճ է»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն մէկէ աւելի անգամ փորձեց վարչակարգեր փոխել, եւ մենք գիտենք, թէ որուն նպատակն է աշխարհի կայունութիւնը...

Թուրքիա Ուաշինկթընի Առաջարկած Է  Իսլամականները Ներառել Սուրիոյ  «Չափաւորական Ընդդիմութեան» Ցուցակին Մէջ

Թուրքիա Ուաշինկթընի Առաջարկած Է Իսլամականները Ներառել Սուրիոյ «Չափաւորական Ընդդիմութեան» Ցուցակին Մէջ

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմէն աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներէն պահանջած են ընդլայնել Սուրիոյ չափաւորական ընդդիմութեան ցուցակը` անոր մէջ ներառելով շարք մը իսլամական կազմակերպութիւններ, ինչպէս` Ահրար Շամ արմատական խմբաւորումը: «Չեմ գիտեր, Սպիտակ տունը ատոր համաձայն պիտի ըլլա՞յ: Սակայն, ըստ երեւոյթին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին...

Ռուհանի Կը Յուսայ, Որ Մինչեւ Տարեվերջ  Պատժամիջոցներու Հիմնական Մասը Ջնջուի

Ռուհանի Կը Յուսայ, Որ Մինչեւ Տարեվերջ Պատժամիջոցներու Հիմնական Մասը Ջնջուի

Հասան Ռուհանի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին մէջ երէկ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ յոյս յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ գայ «գործադրութեան օրը», երբ պիտի ջնջուի Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու հիմնական մասը: «Ես կը կարծեմ, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի գայ «գործադրութեան օրը»: Մենք տակաւին կը սպասենք չփակուած հարցերու վերաբերեալ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան զեկուցումին: Ատոր զուգահեռ մենք...

Համայնավարները Փութինէն Խնդրած Են  Արգիլել Թռիչքները Դէպի Թուրքիա Եւ Թունուզ

Համայնավարները Փութինէն Խնդրած Են Արգիլել Թռիչքները Դէպի Թուրքիա Եւ Թունուզ

Վլատիմիր Փութին Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութենէն Տումայի երեսփոխաններ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուխով դիմած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` խնդրելով դէպի Եգիպտոս թռիչքներու արգելքէն ետք ժամանակաւորապէս դադրեցնել նաեւ դէպի Թուրքիա եւ Թունուզ թռիչքները: Համայնավարներուն կարծիքով` դէպի Թուրքիա եւ Թունուզ թռիչքները կրնան վտանգաւոր ըլլալ, այնտեղ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապուած ահաբեկիչներու ներկայութեան պատճառով: Երեսփոխանները նշած են, որ դէպի Եգիպտոս...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հաշուած Են,  Թէ Ռուսիան Տակաւին Որքա՛ն Կը Դիմանայ  Արեւմտեան Պատժամիջոցներուն

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հաշուած Են, Թէ Ռուսիան Տակաւին Որքա՛ն Կը Դիմանայ Արեւմտեան Պատժամիջոցներուն

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու-վերլուծական գործակալութեան հաշուարկով` Ռուսիան արեւմտեան պատժամիջոցներուն «առանց ցաւի» կը դիմանայ յաւելեալ տարի մը: Ռուսական «Կազեթա»-ի ամփոփումով` ամերիկացի փորձագէտները իրենց հաշուարկները կատարած են ռուսական ընկերութիւններու արտաքին պարտքերու ծաւալներուն հիման վրայ: Այդ պատճառով ալ եկած են այն եզրակացութեան, որ պարտաւորութիւններու առումով Ռուսիան պատժամիջոցները պիտի կարենայ արհամարհել յաւելեալ մէկ տարի: 2016-ին պարտադիր հաշուեփակի ենթակայ պարտքերու ծաւալը պիտի կազմէ ընդամէնը 16,7 միլիառ...

Միացեալ Նահանգներ Մեղմացուցած Են  Պիելոռուսիոյ Ընկերութիւններուն Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներ Մեղմացուցած Են Պիելոռուսիոյ Ընկերութիւններուն Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ մասնակի կերպով դադրեցուցած են Պիելոռուսիոյ ընկերութիւններուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Որոշումը ուժի մէջ մտած է երէկ` մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2016, եթէ չերկարաձգուի կամ չջնջուի: Որոշումը կը տարածուի այնպիսի ընկերութիւններու վրայ, ինչպիսիք են «Պիելոռուսիոյ քարիւղի առեւտուրի տունը», «Պելնեֆթեխիմ»-ը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր ներկայացուցչութիւնը, «Պելշինա»-ն,...

ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Գաղտնի Խողովակաշարը Կ՛անցնի Թուրքիոյ Տարածքէն

ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Գաղտնի Խողովակաշարը Կ՛անցնի Թուրքիոյ Տարածքէն

«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի աւագ քննիչ Ճոն Քիրիաքու յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քարիւղի ապօրինի արտածման մեծ մասը կը կատարեն Թուրքիոյ տարածքով, ինչին կ՛օժանդակեն Թուրքիոյ փտած իշխանութիւնները: «Ակնյայտ է, որ սահմանի թրքական կողմին մէջ ոմանք մեծ գումարներ կը վաստկին ատկէ: Այդ երեւոյթը կարելի չէ վերցնել, որովհետեւ ատոր մէջ...

Ազրպէյճանի Օտար Դրամանիշերու  Պահեստը 50 Առ Հարիւրով Կրճատուած Է

Ազրպէյճանի Օտար Դրամանիշերու Պահեստը 50 Առ Հարիւրով Կրճատուած Է

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ազրպէյճանական Report.az կայքը, կը հաղորդէ, որ 2015-ի սկիզբին համեմատ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան արտաքին դրամանիշերու պահեստները 50,3 առ հարիւրով կամ 6923,7 միլիոն տոլարով կրճատուած են: Միայն հոկտեմբերին դրամատան նշեալ պահեստը նուազած է 180,1 միլիոն տոլարով: Կայքը նշած է, որ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան արտաքին դրամանիշերու պահեստը նուազած է 54,5 առ հարիւրով կամ 8199...

Page 822 of 882 1 … 821 822 823 … 882

Արխիւներ