Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Սուրիոյ Շուրջ Խորհրդաժողով` Վիեննայի Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան
Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան

Այսօր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին շուրջ ընդլայնուած երկրորդ ժողովը, որուն առաջին ժողովի մասնակից երկիրներուն կողքին պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:

Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպանատունը յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Իրանը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ժողովին պիտի չմասնակցի: Մոսկուայի մէջ իրանեան դեսպանատունը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ժողովի մասնակցութեան մակարդակին նուազեցումը կապ ունի արտաքին գործոց նախարարի գերխճողուած օրակարգին հետ:

Ինքնին Ապտոլլահեան նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ Իրան Վիեննայի ժողովին մասնակցի, ապա վստահաբար անոր մասնակցութիւնը Զարիֆի բացակայութեամբ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Զարիֆ պիտի ընկերակցի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` վերջինիս 14 նոյեմբերէն 17 նոյեմբեր երկարող եւրոպական շրջապտոյտին ընթացքին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սատեք Հիւսէյն Զապարի Անսարի նախապէս յայտնած էր, որ Իրան պիտի մասնակցի Վիեննայի ժողովին, սակայն մասնակցութեան մակարդակը տակաւին չէ որոշած:

Անսարի ընդգծած էր, որ Իրան «այդ հանդիպումին ընթացքին պարզապէս դէտ պիտի չըլլայ եւ մտադիր է աշխուժօրէն մասնակցիլ բանակցութիւններուն»: Ան կրկնած էր իր երկրին տեսակէտը Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերեալ` ընդգծելով. «Վիեննայի բանակցութիւններուն մասնակիցներէն ոչ մէկը իրաւասու է Սուրիոյ ապագայի հարցին մէջ որոշում տալու: Անոնք պարզապէս կրնան արագացնել քաղաքական լուծման հոլովոյթը: Սուրիացի ժողովուրդը ի՛նք պէտք է վճռէ իր ճակատագիրը», ըսած էր ան:

Անսարին աւելցուցած էր, որ Իրան միւս դերակատարներուն պիտի չարտօնէ Սուրիոյ հարցին մէջ իբրեւ որոշում տուող կողմ հանդէս գալ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի օրերը այլեւս համրուած են:

«Ուաշինկթըն տակաւին կը գործադրէ հարուածներ, որոնք թէեւ թիրախ դարձուցին ծայրայեղական Ճոնը, սակայն ցոյց կու տան նաեւ, որ խմբաւորման օրերը այլեւս համրուած են», ընդգծեց Քերրի:

Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը թիրախ դարձուցած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Մոհամետ Իմուազին, որ ծանօթ է «Ժիհատական Ճոն» անունով եւ նկարահանուած է արեւմուտքցիներու դէմ մահապատիժի գործադրութեան տեսերիզներու մէջ:

Քուք ըսաւ, որ օդային հարուածը կատարուած է անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ` աւելցնելով. «Գիշերուան գործողութեան արդիւնքները կը գնահատենք»:

«Ժիհատական Ճոն» բրիտանացի մըն է, որ հռչակաւոր դարձաւ օգոստոս 2014-ին ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլին մահապատիժի ենթարկելէն ետք:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակը երէկ իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հատիտա բլուրը եւ կրակի տակ առաւ Հալէպ-Դամասկոս ճամբան: Սուրիոյ բանակը այժմ կը գտնուի նշեալ միջազգային ճամբայէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Բանակը զգուշացուց, որ այդ ճամբուն վրայ որեւէ երթեւեկ զինուորական թիրախ պիտի նկատուի:

Սուրիոյ բանակը նաեւ ընդլայնեց Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանը` անոր մէջ ներառելով Հատիյէ բլուրը, Ռասմ Սահրիժը եւ Թաուք Խան Թումանը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուի երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սուրիոյ հարցով միջնորդութիւն կատարելու Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:

 

Նախորդը

Պարզանի Սինժարի ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Անթալիոյ Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Օպամա-Էրտողան Հանդիպում Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?