Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Օտար Դրամանիշերու Պահեստը 50 Առ Հարիւրով Կրճատուած Է

November 13, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Azerbaijani-central-bank_110915

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ազրպէյճանական Report.az կայքը, կը հաղորդէ, որ 2015-ի սկիզբին համեմատ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան արտաքին դրամանիշերու պահեստները 50,3 առ հարիւրով կամ 6923,7 միլիոն տոլարով կրճատուած են: Միայն հոկտեմբերին դրամատան նշեալ պահեստը նուազած է 180,1 միլիոն տոլարով:

Կայքը նշած է, որ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան արտաքին դրամանիշերու պահեստը նուազած է 54,5 առ հարիւրով կամ 8199 միլիոն տոլարով:

Կեդրոնական դրամատան զեկուցումին համաձայն, ազգային դրամանիշի` մանաթի այս տարուան փետրուարի վերջաւորութեան 35 առ հարիւրով արժեզրկումէն ետք մարտ-նոյեմբեր ամիսներուն օտար դրամանիշերու պահեստները նուազած են 37,9 առ հարիւրով կամ 4169,8 միլիոն տոլարով:

Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստի արագօրէն նուազումը պայմանաւորուած է քարիւղի համաշխարհային գիներուն շարունակական անկումով: Ազրպէյճանի արտածումներուն 95 առ հարիւրը կը կազմեն կազը, քարիւղը եւ քարիւղամթերքները, իսկ երկրին պիւտճէն 75 առ հարիւրով կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումէն ստացուող եկամուտներէն:

Ազրպէյճանի 2015-ի պետական պիւտճէին մէջ քարիւղի գինը մէկ տակառի համար նախատեսուած է 90 տոլար: Ներկայիս, սակայն, քարիւղի գինը պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուածէն շուրջ 42 տոլարով ցած է:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Զինադադարի Երաշխաւորը

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Գաղտնի Խողովակաշարը Կ՛անցնի Թուրքիոյ Տարածքէն

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.