Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Եւրոպան Կը Մեղադրէ Տեղահանուածներու Հարցին Մէջ Անտարբերութեան Համար

November 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Եւրոպան մեղադրած է սուրիացի տեղահանուածները մահուան դատապարտելու մէջ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յիշեցուցած է, որ սուրիական տագնապին պատճառով Թուրքիա արդէն ընդունած է 2,2 միլիոն սուրիացիներ տեղահանուած: «Եթէ 2,2 միլիոն սուրիացիներ դէպի Եւրոպա քալէին, ի՞նչ պիտի ըլլար այդ ժամանակ: Բազմաթիւ երկիրներ փակած են դռները տեղահանուածներուն առջեւ եւ կ՛ըսեն` թող Եգէական ծովուն մէջ խեղդուին», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:

Ան բացասական գնահատած է Ռուսիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ` նշելով, որ այդ գործողութիւնները Թուրքիոյ մէջ անվտանգութեան ռիսքերը բարձրացուցած են: Էրտողան յայտնած է, որ 15-16 նոյեմբերին Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ կը նախատեսէ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ այս հարցով իր մտահոգութիւնները յայտնել անոր:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Մալթայի մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը մտադիր է օգնել Թուրքիոյ` տեղահանուածներու հոսքը զսպելու գործին մէջ, որուն համար Անգարային առաջարկած է 400 միլիոն եւրօ:

Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Բրիտանիան Եւրոպական Միութեան միակ երկիրն է, որ ելեւմտական աջակցութիւն առաջարկած է Թուրքիոյ` Սուրիայէն տեղահանուածներուն հոսքը զսպելու համար:

Մալթայի Վալեթա քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները գործընկերներու հետ քննարկած են աֆրիկեան երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող այժմու գաղթականական ճգնաժամը: Կը ծրագրուի, որ ներգաղթի գծով յառաջիկայ վեհաժողովին ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ հետ համաձայնի գործողութիւններու ընդհանուր ծրագիրի մը շուրջ, որ կ՛ենթադրէ Եւրոպական Միութեան կողմէ երեք միլիառ եւրօ կազմող ելեւմտական օգնութիւն Թուրքիոյ, այդ երկրի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու աշխուժացում եւ այցեգիրներու արագացուած ջնջում:

Թուրքիան իր կարգին պէտք է օգնէ պաշտպանելու միացեալ սահմանը, բարելաւելու իր մօտ գտնուող տեղահանուածներու բնակութեան պայմանները, կանխարգիլէ իր տարածքէն Եւրոպական Միութիւն գաղթականներու հոսքը եւ ետ ստանձնէ Թուրքիայէն Եւրոպական Միութիւն թափանցած ապօրինի գաղթականները:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողներուն

Յաջորդը

Վիեննայի Մէջ Համաձայնութիւն` 18 Ամիսէն Սուրիոյ Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Շուրջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.