
Իրանի կապի եւ հաղորդակցութեան նախարար, ռուս-իրանեան միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Մահմուտ Վայեզի «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հարցը կրնայ լուծուիլ 2-3 տարուան ընթացքին, Թեհրան ընդհանուր առմամբ կ՛ողջունէ այդ գաղափարը:
«Ընդհանուր առմամբ, մենք կ՛ողջունենք այդ գաղափարը: Սակայն այդ հարցին քննարկումները ժամանակ կը խլեն: Պէտք է մեծ աշխատանք տարուի` տարբեր նախարարութիւններու մակարդակով, մշակուին բազմաթիւ հարցեր, բանակցութիւնները կրնան տեւել 2-3 տարի», յայտարարած է ան` ռուս-իրանեան միջկառավարական նիստին ծիրին մէջ:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը միջազգային տնտեսական միաւորում մըն է, որ ստեղծուած է Մաքսային միութեան եւ Միացեալ համարկուած տնտեսական տարածքի հիման վրայ: Այժմ Եւրասիական տնտեսական միութեան կ՛անդամակցին Հայաստանը, Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը եւ Խըրխըզիստանը:
Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած էր, որ փորձագէտներու մակարդակով Եւրասիական տնտեսական միութեան ազատ առեւտուրի գօտիին միանալու համաձայնագիր կը մշակուի Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Իրանի հետ: