Միջազգային լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Անթալիոյ մէջ սուրճի սեղանի մը շուրջ հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա: Հանդիպումը Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան շղթայազերծումէն ի վեր առաջինն է:
Ըստ ռուսական լրատու գործակալութեանց, հանդիպումը տեւած է քսան վայրկեան:
Օպամա զրոյցին ընթացքին իր միտքը յստակ դարձնելու համար ձեռքերը կը շարժէր, իսկ Փութինի կողքին կար Օպամայի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Սիւզըն Ռայս, ինչպէս նաեւ այլ անծանօթ անձ մը, ըստ երեւոյթին թարգման մը:
Հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ երկու ղեկավարները Անթալիոյ մէջ Քսաններու խմբակի մասնակիցներու պաշտօնական լուսանկարէն առաջ իրարու ձեռք սեղմած էին: