«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի աւագ քննիչ Ճոն Քիրիաքու յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քարիւղի ապօրինի արտածման մեծ մասը կը կատարեն Թուրքիոյ տարածքով, ինչին կ՛օժանդակեն Թուրքիոյ փտած իշխանութիւնները:
«Ակնյայտ է, որ սահմանի թրքական կողմին մէջ ոմանք մեծ գումարներ կը վաստկին ատկէ: Այդ երեւոյթը կարելի չէ վերցնել, որովհետեւ ատոր մէջ մեծ թիւով շահագրգիռ անձեր կան», կ՛ըսէ ան:
«Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակիցը նշած է, որ ամէնէն հարուստ քարիւղային հանքահորերը, որոնք կը գտնուին ահաբեկիչներուն վերահսկողութեան տակ, կը գտնուին Իրաքի հարաւը, եւ մատակարարումներու ամէնէն ակներեւ ճամբան կ՛անցնի Թուրքիոյ տարածքէն:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան տուեալներով, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ դրամատուներու գրաւումէն ետք ՏԱՀԵՇ-ը մինչեւ 1 միլիառ տոլար ստացած է եւ կը շարունակէ քարիւղի ապօրինի վաճառքէն ամսական 40-50 միլիոն տոլար վաստկիլ, իսկ տարեկան` 500 միլիոն տոլար: