Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Պատասխանը Անգարային. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Համագործակցին Սուրիացի Քիւրտերուն Հետ» Կ՛ըսէ Ռոտս

November 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պեն Ռոտս
Պեն Ռոտս

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի օգնական Պեն Ռոտս Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն սուրիացի քիւրտերուն հետ համագործակցութիւնը:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Թուրքիա մտահոգ է սուրիացի քիւրտերուն հետ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութենէն` Ռոտս ըսած է, որ սուրիացի քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ընդդիմադիր սիւննի արաբներուն հետ կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, եւ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ այդ գործին մէջ աջակցիլ եւ համագործակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող ուժերուն հետ:

«Մենք յստակ կերպով արտայայտած ենք մեր այն դիրքորոշումը, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կ՛աշխատին սիւննի արաբ ընդդիմադիր ուժերու հետ, եւ պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը այդ ուժերուն: Ժամանակին թուրքերը եւս համագործակցած են իրացքի քիւրտերուն հետ, եւ ատիկա դրական արդիւնքներ ունեցած է: Քիւրտերուն հետ համագործակցութեան համար դաշտ կայ, եւ ատիկա պէտք է իրագործուի», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Ռոտս ընդգծած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ այդ ուժերուն աջակցութիւնը կը հանդիսանայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային ջանքերուն մէկ մասը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ յաճախակիօրէն բարձրացուող այն առաջարկին, որ անհրաժեշտ է թուրքերուն արտօնել Թուրքիոյ հետ սահմանակից Սուրիոյ տարածքին մէջ այսպէս կոչուած «անվտանգութեան գօտի» ստեղծել` Ռոտս ըսած է, որ չեն հաւատար այդ կարծիքի իրագործման անհրաժեշտութեան:

Ռոտս աւելցուցած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ Թուրքիան եւս համակարծիք է միջազգային ուժերուն որդեգրած բնորդին:

Պոկտանով. «Ռուսիան Քիւրտերը
Ահաբեկիչներ Չի Նկատեր»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարած է, որ Ռուսիան ու Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան տարակարծութիւններ ունին քիւրտերը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ընդգրկելու հարցին մէջ: Ան նշած է, որ Թուրքիան կ՛ուզէ սուրիացի քիւրտերը ներառել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ:

«Անոնք Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կը նկատեն: Մենք զայն օրինական կազմակերպութիւն կը նկատենք: Այստեղ տարակարծութիւններ կան ոչ միայն մեր եւ թուրքերուն, այլ նաեւ թուրքերուն եւ ամերիկացիներուն միջեւ: Անոնք նոյնիսկ տարակարծութիւններ ունին ՕԹԱՆ-ի մէջ», ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին, Մոսկուայի կարծիքով, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ պէտք է մասնակցութիւն ունենան բոլորը, «ե՛ւ Սէուտական Արաբիան, ե՛ւ Իրանը, ե՛ւ շիիները, ե՛ւ սիւննիները… Համաձայնութիւն կայ Յորդանանի հետ եւս, իսկ Եգիպտոսի հետ` տակաւին ոչ: Սակայն երկկողմանի մակարդակի վրայ մենք Գահիրէի հետ սերտ կապերու մէջ ենք` բարձրագոյն մակարդակով», աւելցուցած է Պոկտանով:

 

 

 

Նախորդը

Փարիզի Ահաբեկիչներէն Երկուքը Թրքական Կեղծ Անձնագիրներ Ունեցած Են

Յաջորդը

Փութին-Սալման Հանդիպում. Մոսկուա. «Արեւմուտքին Հետ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Հասարակաց Մեքանիզմներու Շուրջ Համաձայնութիւնը Կը Թուի Բացառուած Ըլլալ»

RelatedPosts

Իրան Զինադադարի Չի Ձգտիր,  Իսկ Իսրայէլի Համար  Պատերազմը «Տակաւին Աւարտած Չէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Զինադադարի Չի Ձգտիր, Իսկ Իսրայէլի Համար Պատերազմը «Տակաւին Աւարտած Չէ»

March 11, 2026
Աւելի Քան 2 Ժամ Տեւողութեամբ Փութին-Թրամփ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն.  Թրամփ. «Ռուսիան Եւ Ուրքանիան Անմիջապէս  Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Փութին «Շատ Լաւ Դրական Զրոյց»

March 11, 2026
Թուրքիա Եւ Իրան Իսրայէլի Դէմ  Շտապ Քայլերու Կոչ Կ՛ուղղեն
Միջազգային

Արաղչի-Ֆիտան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

March 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.