Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ իր երկրին քաղաքապետերու ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` կազմելու ընդլայնուած դաշինք մը ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան վճռական հարուածներ հասցնելու համար` նշելով, թէ հարցը կը վերաբերի խմբաւորումի մը, որ ամբողջ աշխարհին կը սպառնայ, եւ ոչ թէ որոշ երկիրի մը:
«Ահաբեկիչները ուզեցին իր պաշտպանած տիեզերական արժէքները հարուածելու ճամբով` Ֆրանսան մղել խաւարի ու վախի», ըսաւ Հոլլանտ: Ան յայտնեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդը պաշտպանելը պարտաւորութիւն մըն է` նշելով, թէ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին քաղաքապետութիւններուն մէջ ապահովական ուժերը պիտի ամրապնդէ:
Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մէջ մագլցում արձանագրուած է` նշելով, որ «Շարլ Տկոլ» օդանաւակիրը երէկ նաւարկած է մասնակցելու համար այդ հարուածներուն:
Հոլլանտ յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է սահմանային հսկողութիւնը վերականգնել` նշելով, որ առաջարկած է ընդլայնել Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը:
Անդրադառնալով ապահովական մարմիններու կողմէ խուզարկութիւններուն` ան յայտնեց, որ անոնց նպատակը հաւանական մեղսակիցները բացայայտելն է, ծայրայեղականութիւնը մեկուսացնելն ու մաքսանենգման վերջ տալը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պէտք է արտակարգ վիճակներու դիմակայման համար օրէնսդրական ամուր ենթահող մը ունենայ` նշելով, թէ ինք յանձնարարած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխում կատարել:
Հոլլանտ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը սկսած է տարիներ առաջ, սակայն ահաբեկչութեան վերջ տալու համար յաւելեալ ժամանակի կարիք կայ: