Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սինիրլիօղլու. «ՏԱՀԵՇ-ի Մեր Սահմաններուն Վրայ Գոյութեան Վերջ Տալու Ծրագիրներ Ունինք»

Նոյեմբեր 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sinirlioglu_111815

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտարարեց. «Թուրքիան ունի իր սահմաններուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան վերջ տալու ծրագիրներ, որոնց ամբողջացումէն ետք մեր զինուորական գործողութիւնները պիտի ստանան աւելի լայն տարողութիւն, եւ դուք յառաջիկայ օրերուն ատոր ականատես պիտի դառնաք»:

«ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի առումով Թուրքիոյ թափած ջանքերը մաս կը կազմեն միջազգային դաշինքին անոր անդամակցութեան», ըսաւ Սինիրլիօղլու:

«Մեր սահմաններուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը պիտի չարտօնենք եւ հարկ եղած միջոցառումները որդեգրեցինք` թրքական ներքին ապահովութեան որեւէ սպառնալիք կանխարգիլելու համար: Այդ միջոցառումները որդեգրուեցան դաշինքին մէջ մեր գործընկերներուն հետ համադրաբար, եւ այս ծիրին մէջ ունինք կարգ մը յաւելեալ ծրագիրներ, որոնց գործադրութեան ժամկէտն ու մեքանիզմը չեմ կրնար բացայայտել նախքան անոնց աւարտը», շեշտեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ եւ աշխարհին սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»:

ՏԱՀԵՇ-էՆ Դասալիք Դարձած Հրամանատարը
ՏԱՀԵՇ
–Թուրքիա Սերտ Յարաբերութեանց Մասին

ՏԱՀԵՇ-էն դասալիք դարձած հրամանատար Սայիտ, որ եղած է Սուրիոյ Պապ քաղաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետախուզութեան վարչութեան պետը, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ՏԱՀԵՇ-ին միանալ ուզող մարտիկներուն համար Թուրքիան «բաց սահման»-ի քաղաքականութիւն վարած է:

Ըստ անոր, քանի որ սուրիացի քիւրտերը ներկայիս վերահսկողութեան տակ առած են Թել Ապիատ քաղաքը, այժմ Սուրիա անցնիլ ուզող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կ՛օգտուին միայն Թուրքիոյ Քիլիս քաղաքի սահմանային անցքէն: Ան ըսած է, որ թէ՛ Ժապհաթ Նուսրան, թէ՛ ալ ՏԱՀԵՇ-ը կը շարունակեն զինեալներով մատակարարուիլ Քիլիսի ճամբով:

«Քիլիսի մէջ նոյնիսկ կայ երկու մզկիթ, որոնցմէ մէկը Քայիտայի (Ժապհաթ Նուսրայի «Ա.») միացողներուն, միւսը` ՏԱՀԵՇ-ի միացողներուն  համար կ՛օգտագործուին: Այդ երկու մզկիթներուն մէջ կան երկու խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը կազմակերպեն զինեալներու անցքը դէպի Սուրիա եւ Իրաք», նշած է ան:

«Արաբունարի դէմ յարձակումներուն ընթացքին մենք ունեցանք մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնք բուժման համար թրքական գաղտնի սպասարկութեան ջանքերով փոխադրուեցան Թուրքիա: Ինքնաշարժերուն մէջ մեր վիրաւորներուն մազերը կը կտրէին ու մօրուքները կը սափրէին, որպէսզի թրքական հիւանդանոցներուն մէջ բժիշկներուն կողմէ կասկածներ չստեղծուէին: Թուրք-սուրիական սահմանին վրայ գտնուող Ռայի քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարը թուրք հետախոյզ է: ՏԱՀԵՇ-ի կազմին մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ սերտ կապեր ունեցող բազմաթիւ մարդիկ կան», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Օպամա. «Փութին Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կառուցողական Գործընկեր Է»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Ապահովական Գործողութիւն

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?