Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա. «Փութին Սուրիական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ Կառուցողական Գործընկեր Է»

Նոյեմբեր 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Obama_111815

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ Ասիա-խաղաղովկեանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուսիան յորդորած է վերանայիլ Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւնները: Ան նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համարած է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ կառուցողական գործընկեր մը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յոյս յայտնած է, որ Փարիզի դէմ իսլամականներու կատարած յարձակումը ազդէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կարծիքով` փարիզեան ողբերգութենէն ետք Պաշշար Ասատի վարչակարգին աջակցիլը կրնայ դադրիլ Ռուսիոյ համար գերակայութիւն ըլլալէ, իսկ ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական խմբաւորման դիրքերու ոչնչացումը կրնայ առաջին գիծ մղուիլ:

Օպամա խոստացած է այդ հարցը քննարկել Ռուսիոյ նախագահին հետ: Ան Վլատիմիր Փութինը իբրեւ կառուցողական գործընկեր բնութագրած է` Սուրիոյ շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ, «Տիֆենս Նիուզ» պարբերականին համաձայն, ամերիկեան «Հարի Թրումեն» օդանաւակիրը պիտի ժամանէ Միջերկրական ծով` օգնելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի գործողութեան:

Հրատարակութեան աղբիւրներու տեղեկութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նաւը կրնայ «Շարլ տը Կոլ» օդանաւակիրին միանալ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն օդային հարուածներ հասցնելու համար:

«Տիֆենս Նիուզ» կը գրէ, որ ամերիկեան հրամանատարութեան այս որոշումը առնչուած է Փարիզի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած յարձակումներուն:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պետականին Կողքին, Ժողովրդային Զօրակցութեան Բացայայտումը

Յաջորդը

Սինիրլիօղլու. «ՏԱՀԵՇ-ի Մեր Սահմաններուն Վրայ Գոյութեան Վերջ Տալու Ծրագիրներ Ունինք»

RelatedPosts

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ  Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Կը Զգայ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Գործարքի Չհասնելու Պատճառով»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր  Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տունը Թրամփի Նոր Ռազմավարութիւնը Հրապարակեց

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն  Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան  Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կը Նախատեսէ Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդէն Առաջ Յայտարարել Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Կազմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?