Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Ֆրանսայի Ճակատագիրին Ենթարկել Իր Դէմ Պայքարող Միջազգային Դաշինքի Անդամները. Ֆրանսայի Տարածքին Բազմաթիւ Ձերբակալեալներ

Նոյեմբեր 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paris_111615

Ֆրանսայի տարածքին իսլամական կասկածեալներու դէմ ոստիկանութեան գործողութեան իբրեւ արդիւնք ձերբակալուեցան 23 անձեր եւ բազմաթիւ զէնքեր գրաւուեցան:

Պելճիքական ոստիկանութիւնը իր կարգին խուզարկումներ կատարեց Պրիւքսէլի մէջ, որուն Մոլենպիք շրջանին մէջ հրացանաձգութիւններ եւ պայթումներ լսուեցան:

Մինչ այդ, երէկ կէսօրին Ֆրանսայի տարածքին զոհերու յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ: Երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Սորպոնի համալսարանին մէջ գլխաւորեց համազգային քայլը:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ յարձակումները կազմակերպուած են Սուրիոյ մէջ` աւելցնելով, որ իշխանութիւնները կը հաւատան, որ Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ ահաբեկչական նոր յարձակումներ կը ծրագրուին:

ՏԱՀԵՇ «Ֆրանսա ներխուժում… Իսլամական պետութիւն` խօսք եւ գործ» խորագիրով տեսերիզի մը մէջ աւելի մեծ յարձակումներով սպառնաց Ֆրանսայի: ՏԱՀԵՇ նաեւ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ իր դիրքերուն ռմբակոծումին մասնակից երկիրները, թէ պիտի ենթարկուին Ֆրանսայի ճակատագիրին` սպառնալով յարձակում գործել Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողման Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն պահանջեց, որ Ֆրանսա` «իբրեւ նախազգուշական քայլ», անմիջապէս դադրի նոր գաղթականներ ընդունելէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը «գաղթականներու նոր հոսքը ընդունելով անպատասխանատու» քայլ առած են:

Ոստիկանութիւնը Փարիզի յարձակումներուն համար իբրեւ գլխաւոր կասկածեալ նշած է Պրիւքսէլի մէջ ծնած 26-ամեայ Սալահ Ապտելսալամը: Ան այժմ կը հետապնդուի: Կը հաղորդուի, որ ոստիկաններ Փարիզի յարձակումէն ետք զինք կանգնեցուցած են Պելճիքա մուտք գործել փորձելուն ընթացքին, ապա զինք ազատ արձակած են:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց. «Մենք պատերազմի մէջ ենք ահաբեկչութեան դէմ, որ կը սպառնայ ամբողջ աշխարհին եւ ոչ միայն Ֆրանսայի»: Ան նշեց, որ Փարիզի յարձակումները ծրագրուած են Սուրիոյ մէջ, պատրաստուած` Պելճիքայի մէջ եւ գործադրուած` Փարիզի մէջ: Ան յայտարարեց, որ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր գործողութիւնները պիտի աշխուժացնէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը դիմէ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար: «Սուրիոյ մէջ մեր թշնամին ՏԱՀԵՇ-ն է, եւ պիտի քննարկենք քաղաքական լուծում մը, որ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը չի պարունակեր», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը տակաւին կը մնայ ի զօրու: Հազարաւոր յաւելեալ ոստիկաններ եւ զինուորներ կը գտնուին Փարիզի փողոցներուն մէջ: Նախագահ Հոլլանտ յայտարարեց, որ որոշած է խորհրդարանին փոխանցել արտակարգ դրութիւնը յաւելեալ երեք ամիսով երկարաձգելու օրինագիծ մը: Ան կոչ ուղղեց ներկայ վտանգներուն համապատասխանող սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու` աւելցնելով. «Պէտք է կարող ըլլանք վտանգ ներկայացնող օտարները աւելի արագ վտարելու»:

 

 

Նախորդը

Քսաններու Խմբակը Կոչ Կ՛ուղղէ Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորման Աղբիւրները «Ցամքեցնելու»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ցամաքային Ուժերու Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?