Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա. ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Ռուսիա-Ֆրանսա Զինուորական Համագործակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

November 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հոլլանտ եւ Քերրի
Հոլլանտ եւ Քերրի

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին գոյացուցին ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն մը, որմէ ետք Փութին Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ռուսական մարտանաւերուն հրամայեց արեւելեան Միջերկրական ուղղուող ֆրանսական մարտանաւերը նկատել դաշնակիցներ եւ գործակցիլ անոնց հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Էլիզէի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հանդիպումէն ետք Քերրի յայտնեց, որ բոլորը կը հասկնան, թէ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցածէն ետք պէտք է աշխուժացնենք ՏԱՀԵՇ-ի սիրտը հարուածելու ջանքերը եւ բարելաւենք սահմաններու անվտանգութիւնը: «Յառաջիկայ օրերուն պիտի բարձրացնենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճնշումները», ըսաւ Քերրի:

Ան աւելցուց, որ Սուրիա կը գտնուի «մեծ փոխանցումէն» շաբաթներու հեռաւորութեան վրայ:

Քերրի Փարիզի մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոմեն Նատալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լորան Ֆապիւս 17 նոյեմբերին ընդունած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրին: Հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւններէն չորս օր ետք, նուիրուած էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործին մէջ համագործակցութեան ուժեղացման, մասնաւորաբար Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային ընտանիքի գործողութիւններու քննարկման»:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտնեց, որ «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ դէմ կը դնենք թշնամիին, ինչպէս նաեւ ունինք ներքին թշնամի մը, ներառեալ` Ֆրանսայի մէջ իսլամական ծայրայեղականութիւնը»` նշելով. «Փարիզ ապահովական մարզին մէջ ծախսերու աճին պատճառով պիտի շրջանցէ պաշտպանութեան մարզի եւրոպական պիւտճէի բացի սահմանը»:

«Մենք պատերազմական վիճակի մէջ ենք եւ որեւէ պահու` սպառնալիքի տակ», յայտնեց Ֆրանսայի վարչապետը` աւելցնելով. «Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ այցելելու Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա` հանդիպում ունենալու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»:

Մինչ այդ` ֆրանսական նախագահութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնած է Հոլլանտի եւ յայտնած, որ «մեր ամբողջ ուժով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլը» շատ կարեւոր հարց է: Ան նշած է, որ երկու նախագահները շեշտած են Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Վիեննայի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Մոսկուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է անմիջապէս որդեգրելու ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ընդլայնուած ճակատ մը կազմելու որոշում մը:

 

Նախորդը

Փութին Կը Խոստանայ Յայտնաբերել Ու Պատժել Յանցագործները. Սինայի Մէջ Ջախջախուած Ռուսական Օդանաւը Ականահարուած Է

Յաջորդը

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ Պաշտպանութեան Մարզի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.