Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հինգշաբթի օր Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին Լաւրով յայտարարեց. «Չաւուշօղլուէն ռուսական օդանաւի վար առնուելուն մասին որեւէ նորութիւն չլսեցի»: Ան նշեց, որ Չաւուշօղլու կրկնած է Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին կեցուածքները, «իսկ մենք կրկնեցինք, մեր այն կեցուածքը, որ ատիկա ոճրային արարք է»:
Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց. «Ռուսիոյ հետ մեր հարցը մէկ հանդիպումով պիտի չլուծուի, սակայն կարեւորը հաղորդակցութեան ուղին բաց պահելն է»: Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա կը հրաժարի առանց փաստերու ներկայացման Թուրքիոյ հասցէին հնչեցուցած իր ամբաստանութիւններէն:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի օր Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Մենք գիտենք, թէ ո՛վ Թուրքիոյ մէջ իր գրպանները կը լեցնէ Սուրիայէն գողցուած քարիւղի վաճառքէն: Մենք կը հասկնանք նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ պահուըտած են այն զինեալները, որոնք 1990-ականներուն կռուած են Հիւսիսային Կովկասի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ թուրք ժողովուրդը բարի է, աշխատասէր եւ տաղանդաւոր: Թուրքիոյ մէջ մենք շատ վստահելի բարեկամներ ունինք»:
Անդրադառնալով «Սու-24»-ի միջադէպին` Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ միայն «Ալլահը գիտէ, թէ ինչո՛ւ թուրքերը ատիկա ըրին: Ես առհասարակ չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ անոնք ատիկա ըրին: Որեւէ հարց կարելի էր լուծել այլ ճանապարհով: Մենք պատրաստ էինք համագործակցելու Թուրքիոյ հետ ամէնէն զգայուն հարցերուն մէջ»:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները կը նմանին խորհրդային քարոզչութեան: «Պաղ պատերազմի տարիներուն կը գործէր խորհրդային քարոզչամեքենան: Ամէն օր ատիկա կը ստեղծէր սուտեր, որոնց նախ եւ առաջ կը հաւատային իրենք եւ կը սպասէին, որ ամբողջ աշխարհը եւս պիտի հաւատայ», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ սակայն ոչ ոք այդ քարոզչութեան նշանակութիւն կու տար:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եաշար Եաքըշ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արտահանուող «ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղը» Անգարա կ’երթայ, իսկ այդտեղէն ալ` Իսրայէլ: Ան այդ առնչութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացուց:
Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը որոշած է դադրեցնել «Թրքական հոսք» խողովակաշարի նախագիծի կառուցումը: Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը որոշած է դադրեցնել գործունէութիւնը առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ռուս¬թրքական խառն միջկառավարական յանձնախումբի, որ ռուսական կողմէն կը գլխաւորէ Նովաք:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Պելկրատի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու ջանքերուն պէտք է մասնակից դարձնել սուրիական եւ արաբական ցամաքային ուժեր, որովհետեւ միայն օդային հարուածներով կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել: