Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութինի Հետ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Ակնկալելու Կողքին. Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիայէն Ներում Հայցելու

December 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Անգարա չի պատրաստուիր ռուսական օդանաւի վար առնուելուն համար ներում հայցելու Ռուսիայէն:

«Մեր օդային սահման ներխուժած եւ անյայտ պատկանելիութիւն ունեցող օդանաւին դէմ մենք իրաւունք ունինք կիրարկելու պաշտպանութեան միջազգային իրաւունքները: Ոչ ոք կրնայ ատոր համար մեղադրել Թուրքիան: Եւ թող ոչ ոք ատոր համար Թուրքիայէն ներումի հայց սպասէ: Մենք ներում պիտի չհայցենք մեր սահմանները պաշտպանելու համար», ըսաւ Տաւութօղլու, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ազրպէյճան:

Ան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ռուս մնացեալ ղեկավար անձնաւորութեանց կոչ ուղղեց` խնդիրը քննարկելու դէմ առ դէմ հանդիպումի ընթացքին:

Անդրադառնալով ռուսական կողմէն հնչեցուած այն մեղադրանքին, որ Թուրքիան կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ին, Տաւութօղլու նշած է, որ եթէ ատիկա իրականութիւն է, ապա ինչո՞ւ այդ մասին յիշած են միայն օդանաւին վար առնուելէն ետք:

Իրանի վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուհսեն Ռիտահի յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի` Թուրքիոյ քարիւղ ծախելուն վերաբերեալ փաստաթուղթեր ունինք»` աւելցնելով. «Եթէ թրքական կառավարութիւնը տեղեակ չէ ՏԱՀԵՇ-ի Թուրքիոյ մէջ քարիւղ ծախելէն, ապա մենք պատրաստ ենք այդ առնչութեամբ բոլոր տեղեկութիւնները տրամադրելու»:

Մինչ այդ, Գերմանիոյ խորհրդարանը երէկ 598 երեսփոխաններէն 445-ի թեր, 146-ի դէմ եւ 7-ի ձեռնպահ քուէարկութեամբ հաւանութիւն տուաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ գերմանական բանակի առաքելութեան:

Այժմ այդ որոշումը պէտք է հաստատէ Պունտեսրաթը` Գերմանիոյ 16 դաշնակցային երկրամասերու ներկայացուցիչներու ժողովը: Կը նախատեսուի առաքելութիւնը շարունակել մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016, անիկա պիտի արժէ մօտաւորապէս 134 միլիոն եւրօ եւ ատոր պիտի մասնակցին 1200 զինուորներ:

Կը նախատեսուի, որ Սուրիա ուղարկուին 4-էն 6 «Թոռնէյտօ» տիպի հետախոյզ օդանաւեր: Բացի ատկէ, գերմանական յածանաւ մը Միջերկրական ծովուն մէջ պիտի աջակցի ֆրանսական «Շարլ Տը Կոլ» օդանաւակիրի գործողութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքականէն բացի այլ լուծում չկայ»` աւելցնելով. «Սուրիոյ շուրջ տարակարծութիւններու լուծման համար կարիքը կայ քաղաքական որոշումի»:

Ան ըսաւ, որ պէտք է գործակցիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համար` նշելով. «Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը անընդունելի է»: Ըստ Քերրիի, «իր ժողովուրդը տեղահանելէն ետք Ասատի հեռացումը դարձած է պարտադիր»:

 

Նախորդը

Պելկրատի Մէջ` Լաւրով- Չաւուշօղլու Ձախող Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.