Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Աննշան Կը Նկատէ Մաքսանենգութեան Ճամբով Թուրքիա Հասնող Քարիւղի Ծաւալները

December 7, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ISIS-oil_120615

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի հարցերով պետական բաժանմունքի համակարգող Ամոս Հոսթէյնի համաձայն, մաքսանենգութեան ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն Թուրքիա հասնող քարիւղը չափազանց քիչ է թէ՛ ծաւալի, թէ՛ ալ անկէ ստացուող օգուտին տեսանկիւնէն:

«Ես չեմ հաւատար, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի քարիւղի մաքսանենգութիւն», ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրեն յայտնի չեն ապացոյցներ, թէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանէն կ՛անցնին հազարաւոր սիթեռններ: Մեկնաբանելով Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուած լուսանկարները` ան նշած է, որ «անկասկած, այդ լուսանկարները կեղծ չեն, սակայն որոշ պարագաներու անոնք նոր չեն: Չկայ որեւէ կասկած, որ անոնք մեքենաներու հերթեր են քարիւղի հաւաքման կէտերու առջեւ: Այդ պատճառով ալ մենք անոնց վրայ կը յարձակինք»` աւելցնելով, որ ինք տակաւին չէ տեսած սիթեռններու սահման անցնիլը ցոյց տուող լուսանկարներ եւ չի կարծեր, որ այդպիսի լուսանկարներ կան: Ըստ անոր, այդ սիթեռնները  ոչ թէ Թուրքիա կ՛ուղղուին, այլ` Սուրիոյ այլ շրջաններ:

«Ուիքիլիքս» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձնապէս հրամայած է Սուրիոյ վերեւ թռիչք կատարող ռուսական ռմբաձիգը վար առնել` նշելով, որ Էրտողան այդ հրամանը տուած էր միջադէպէն շատ առաջ եւ պէտք էր գործադրուէր Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան սկիզբը:

«Ուիքիլիքս» այդ տեղեկութիւնը ստացած է Ֆուատ Աունիէն, որ ծածկանունն է շատ ազդու թրքական աղբիւրի մը, որ նաեւ կը կոչուի «թուրք Ժիւլիեն Ասանժը»: Ան նշած է, որ Էրտողանի քայլը Թուրքիան բերած է Ռուսիոյ հետ պատերազմի եզրին, որովհետեւ Թուրքիոյ նախագահը վստահ է, որ ՕԹԱՆ-ն ու Քսաններու խմբակը ամէն պարագայի իրեն պիտի զօրակցին:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու դատապարտեց լուսանկարները ռուսական մարտանաւի մը, որուն վրայ զէնքերը բացայայտ կերպով ցուցադրուած են: Ան այդ քայլը նկատեց գրգռութիւն մը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Մերժած Է Փակել Սուրիոյ Հետ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Վերահսկուող Սահմանը

Յաջորդը

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Քայլը. Իրան Իրաքի Մէջ Թրքական Ուժերու Տեղակայման Հարցով Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

RelatedPosts

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում
Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում

March 9, 2026
Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի  Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու  Հարթակ Պիտի Չըլլայ»
Միջազգային

Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու Հարթակ Պիտի Չըլլայ»

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.