Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փարիզի մէջ կլիմայի փոփոխութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ զարգացումներն ու ռուս-թրքական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն` նշելով, որ իրենց հիմնական խնդիրը հարցը դիւանագիտական ճամբով եւ բանակցութիւններու միջոցով լուծելն է: «Շրջանային լարուածութիւնը մեզ ալ կը տխրեցնէ: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ այս իրավիճակէն վնասով դուրս չգանք, այլ ընդհակառակն` այս ամէնը խաղաղութեան վերածելով` նպաստենք շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա իր կարգին հաւանութիւն տուաւ Էրտողանի այս խօսքերուն` աւելցնելով. «Փութինի հետ զրոյցին ընթացքին ընդգծեցի, որ լարուածութիւնը աւելցնելը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ: Այս հարցին մէջ միասին աշխատինք»:
«Թուրքիան ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը ունի», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք յստակ ըլլալ` Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, եւ մենք կ՛աջակցինք ինքզինք եւ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Թուրքիոյ իրաւունքին: Բոլորս հասարակաց թշնամի մը ունինք, եւ պէտք է զայն պարտութեան մատնել ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցում իրականացնել»:
Օպամա Էրտողանին կոչ ուղղեց` «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման սպառնալիքին վերջ տալու ջանքերը աշխուժացնելու»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ դաշինքը պիտի շարունակէ աջակցիլ Թուրքիոյ` անոր հակաօդային պաշտպանութիւնը ապահովելու գործին մէջ, սակայն ատիկա առնչութիւն չունի ռուսական «Սու-24»-ի միջադէպին հետ:
Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը հաղորդեց, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամները գնահատած են ռուսական պատժամիջոցներուն հաւանական վնասները: Անթալիոյ նախկին քաղաքապետ, երեսփոխան Մուսթաֆա Աքայտըն յայտնած է, որ նահանգը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու սրումէն ետք պիտի կորսնցնէ 6,5 միլիառ տոլար` 6 միլիառ տոլար զբօսաշրջութեան մարզին մէջ եւ 500 միլիոն տոլար գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ:
Անոր գործընկերը` Անթալիոյ առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի ղեկավար Չեթին Օսման Պուտաք իր կարգին նշած է, որ Ռուսիայէն զբօսաշրջիկներու հոսքի անկումին պատճառով այդ նահանգին մէջ առեւտուրը այս տարի արդէն կորսնցուցած է եկամուտի շուրջ քառորդը, սակայն ճգնաժամը պիտի վերաբերի ամբողջ Թուրքիոյ:
«Թուրքիոյ եկամուտները Ռուսիա արտածումներէն կը կազմէին շուրջ 6 միլիառ տոլար, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ` 7 միլիառ տոլար: Երկու երկիրներուն միջեւ լաւ զարգացած է նաեւ մանրածախ առեւտուրը, որուն ծաւալը արդէն նուազած է 2013-ի 8,5 միլիառ տոլարէն մինչեւ 2014-ի 6 միլիառ տոլարը: Եթէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները սրին, Թուրքիոյ վնասները կրնան կազմել տարեկան 20 միլիառ տոլար», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մեհմեթ Շիմշեքի ղեկավարութեամբ մշակուած է Ռուսիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցներու ցանկ, որ վաւերացման համար ներկայացուած է վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի:
Ցանկի գլխաւոր կէտերէն են` Ռուսիայէն ներածուող ապրանքներու յատուկ վերահսկողութեան սահմանում, կազի գնման այլընտրանքային տարբերակներու մշակում, ռուսական թիւերով բեռնատարներու մանրազնին եւ առանձին-առանձին ստուգում, քննարկել ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիրներու առկախման հարցը, ռուսական ընկերութիւնները դուրս ձգել թրքական 3-րդ հիւլէական կայանի շինարարութեան հոլովոյթէն, ետդարձի տոմս պահանջել Թուրքիա եկող ռուս գործարարներէն, աջակցիլ հեղուկ կազի գնման եւ պահեստաւորման` աւելցնելով հեղուկ կազի ներածումները Նիկերիայէն եւ Ալճերիայէն: