
«Հապերթուրք» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին Պոլսոյ Պայրամփաշա մեթրոյի կայարանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է: Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցումով պայթումին պատճառով արձանագրուած է մէկ զոհ: Կան նաեւ վիրաւորներ:
Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը հաղորդած է, որ տեղի ունեցած պայթումը ելեկտրական սարքի պայթումին պատճառով է:


