Միջազգային

Ռուսական Մարտանաւ Մը Կրակ Բացաւ  Թրքական Ձկնորսական Նաւու Մը Վրայ

Ռուսական Մարտանաւ Մը Կրակ Բացաւ Թրքական Ձկնորսական Նաւու Մը Վրայ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգէական ծովուն մէջ Ռուսիոյ ծովուժի «Սմիթլեւի» յածանաւ մը արկածէ խուսափելու համար ստիպուած եղած է կրակ բանալ թրքական ձկնորսական նաւու մը վրայ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ իր մօտ կանչած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդը: Դէպքը պատահած է Մոսկուայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:03-ին, երբ թրքական նաւը նուազ քան մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ կը մօտենար յածանաւին, որ...

Իրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Գումարելու Թրքական  Միջամտութեան Հարցով Արաբ Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Ժողով Մը

Իրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Գումարելու Թրքական Միջամտութեան Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով Մը

Իպրահիմ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտնեց, որ «երկրին գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ մըն է, որ չենք արտօներ շրջանցել, իսկ թրքական ուժերուն ներկայութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան բռնաբարում մըն է»` նշելով. «Պաաշիքա շրջանին մէջ գտնուող թրքական զինուորական ճամբարը պէտք է փակուի եւ զինեալ ուժերը ատկէ հեռանան»: Ան նշեց, որ Պաղտատ հարցը լուծելու համար աշխատանքի լծուած է շարք մը առանցքներու վրայ, ներառեալ...

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիներու  Մասնակցութեամբ Առաջին  Ընտրութիւններուն  Ընթացքին.  Կին Մը Ընտրուած Է Մեքքայի  Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիներու Մասնակցութեամբ Առաջին Ընտրութիւններուն Ընթացքին. Կին Մը Ընտրուած Է Մեքքայի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիներու իբրեւ թեկնածու եւ քուէարկող մասնակցութիւնը արտօնող առաջին ընտրութիւններուն ընթացքին Սալմա Պընթ Հազապ Աթիպի ընտրուեցաւ Մեքքա շրջանի Մատրաքա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ: «Իխպարիյա Սէուտիա» պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ երկրի Քասիմ շրջանին մէջ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին երկու կիներ ընտրուած են:

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի  Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ.  «ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Մաքսանենգութենէն  Կը Ստանայ Ամսական 40 Միլիոն Տոլար»

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Մաքսանենգութենէն Կը Ստանայ Ամսական 40 Միլիոն Տոլար»

Ատամ Զուպին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ելեւմտական հետախուզութեան հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ատամ Զուպին 10 դեկտեմբերին Լոնտոնի մէջ Թագաւորութեան միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ քարիւղի մաքսանենգումէն կը ստանայ ամսական 40 միլիոն տոլար, իսկ այդ քարիւղին գնումները կը կատարեն Անգարան եւ Դամասկոսը: Ըստ անոր, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ «մեծ քանակութեամբ քարիւղ...

Կը Սպառնայ Գլխատել Շուէտի  Քաղաքացիներ, Եթէ Չիսլամանան

Կը Սպառնայ Գլխատել Շուէտի Քաղաքացիներ, Եթէ Չիսլամանան

Շուէտի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ շուէտական կառավարութիւնը ահազանգի մատնուած է, երբ երկրի տասնեակներով քաղաքացիներ ստացած են ՏԱՀԵՇ-ի ստորագրութեամբ սպառնական նամակներ, որոնց մէջ անոնց ներկայացուած են երեք ընտրանքներ` իսլամանալ, տուրք վճարել կամ գլխատուիլ: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ շուէտական ոստիկանութիւնը սպառնալիքին նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, մանաւանդ որ շուէտերէնով գրուած եւ միատեղ շարք մը քաղաքներու մէջ բնակարաններուն ցրուուած նամակները հասցէատէրերուն...

Պայտըն Տաւութօղլուի Հետ Կը Քննարկէ  Տահեշ-Ի Դէմ Պայքարին Եւ Իրաք-Թուրքիա  Լարուածութեան Առնչուող Հարցեր

Պայտըն Տաւութօղլուի Հետ Կը Քննարկէ Տահեշ-Ի Դէմ Պայքարին Եւ Իրաք-Թուրքիա Լարուածութեան Առնչուող Հարցեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճօ Պայտըն Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ջանքերը: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ երկու կողմերը կեդրոնացած են Իրաքի մէջ վերջին զարգացումներուն վրայ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պայտըն շեշտած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի կառավարութեան միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան ամբողջական յարգումը երաշխաւորող կերպով լուծելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի...

Չաւուշօղլու. «Մեր Համբերութիւնը Անսահման Չէ»  Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուժերուն Դէմ  Սադրանքներ Ծրագրող Որեւէ Կողմի  Կը Սպառնայ Վճռական Հակազդեցութեամբ

Չաւուշօղլու. «Մեր Համբերութիւնը Անսահման Չէ» Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուժերուն Դէմ Սադրանքներ Ծրագրող Որեւէ Կողմի Կը Սպառնայ Վճռական Հակազդեցութեամբ

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր նախագահութեամբ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռուսիոյ ծովուժը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած է` աւելցնելով. «Կը գործակցինք այն երկիրներուն հետ, որոնք ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելուն մէջ շահ ունին»: Ան յայտնեց, որ ռուսական ծովուժն ու օդուժը մեծ վնասներ պատճառած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ենթակառոյցներուն: Ան յայտնեց,...

«Իրաքէն Թուրք Զինուորներու  Հեռացման Մասին Խօսք Չի Կրնար Ըլլալ»  Յայտարարեց Էրտողան

«Իրաքէն Թուրք Զինուորներու Հեռացման Մասին Խօսք Չի Կրնար Ըլլալ» Յայտարարեց Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Իրաքէն թուրք զինուորներու դուրս բերման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Ան աւելցուցած է, որ թուրք զինուորները Իրաք հասած են Իրաքի քիւրտ զինեալները վերապատրաստելու համար եւ ոչ մարտական նպատակներով: Էրտողան ընդգծած է, որ 21 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցին Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները...

Ռուսիա Դադրեցուցած Է Թուրքիոյ Մէջ  Առաջին Հիւլէական Կայանի Կառուցումը

Ռուսիա Դադրեցուցած Է Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Հիւլէական Կայանի Կառուցումը

Ռուսիա դադրեցուցած է Թուրքիոյ մէջ առաջին հիւլէական կայանի կառուցման աշխատանքները: Նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միջեւ ծայր առած լարուած վիճակն ու յարաբերութիւններու աննախընթաց վատթարացումը, այս քայլը բնական դրսեւորում կը նկատուի տիրող իրավիճակին մէջ: Թուրքիոյ ուժանիւթի մարզին մէջ գործող բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրեր առաջ յայտարարած էր, որ «Ռոսաթոմ» ռուսական ընկերութիւնը չեղեալ չէ յայտարարած Աքքույու աւանին մէջ հիւլէական կայանի կառուցման համաձայնագիրը` կասկած յայտնելով...

Սուրիական Տագնապին Վերաբերող  Քննարկումներ` Ժընեւի Մէջ

Սուրիական Տագնապին Վերաբերող Քննարկումներ` Ժընեւի Մէջ

Այսօր` 11 դեկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ տագնապին վերաբերող բանակցութիւններ` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ¬ի մասնակցութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռուսիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն ուրուագծել զինադադարի հաստատման ուղիները: Բայց եւ այնպէս Ժընեւի հանդիպումին անձամբ պիտի...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Ընդառաջելու  Բարեփոխումներու Վերաբերեալ  Լոնտոնի Պահանջներուն»  Կ՛ըսէ Թուսք

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ընդառաջելու Բարեփոխումներու Վերաբերեալ Լոնտոնի Պահանջներուն» Կ՛ըսէ Թուսք

Տոնալտ Թուսք «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամները պատրաստ են ընդառաջելու կազմակերպութեան բարեփոխման վերաբերեալ Լոնտոնի պահանջներուն, սակայն արտօնութիւններու եւ տեղաշարժերու ազատութեան հարցերը քաղաքական լուրջ բանավէճեր կը պահանջեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին: Հանդիպումը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ, Պրիւքսէլի մէջ: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն նոյեմբերին ներկայացուցած էր Եւրոպական Միութեան...

Կիպրոս Ռուսիոյ Կ՛արտօնէ  Օգտագործել Իր Օդակայանները

Կիպրոս Ռուսիոյ Կ՛արտօնէ Օգտագործել Իր Օդակայանները

Կիպրոսի իշխանութիւնները Ռուսիոյ թոյլ պիտի տան Սուրիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն ծիրին մէջ օգտագործելու Կիպրոսի օդակայանները: «Մետուզա» կայքը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համապատասխան համաձայնագիրը մօտ է իր աւարտին: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Իոնիս Քասուլիտես յայտնած է, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերը արտակարգ իրավիճակներու մէջ պիտի կարենան էջք կատարել Կիպրոսի օդակայաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային կարելիութիւն պիտի ունենան...

Աւստրիա Սկսած Է Ցանկապատ Կառուցել  Սլովենիոյ Հետ Իր Սահմանին Վրայ

Աւստրիա Սկսած Է Ցանկապատ Կառուցել Սլովենիոյ Հետ Իր Սահմանին Վրայ

«Տը Լոքըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիա սկսած է 3,7 քիլոմեթր երկարութեամբ ցանկապատի կառուցումը Սլովենիոյ հետ իր սահմանին վրայ: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կարծիքով` ատիկա անհրաժեշտ միջոց է տեղահանուածներու եւ ներգաղթեալներու հոսքին վերահսկողութեան համար: Մետաղական ցանցէ կազմուած ցանկապատը, որուն բարձրութիւնը պիտի կազմէ 2,5 մեթր, անհրաժեշտութեան պարագային կարելի պիտի ըլլայ վերցնել` առանց վնասելու շրջակայ միջավայրին: Աւստրիա-Սլովենիա սահմանը 330 քիլոմեթր է, ցանկապատը...

«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Միացեալ Նահանգներուն  Ու Ռուսիոյ Պիտի Արտօնէ Միասին Պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»  Ըսաւ Օպամա

«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Միացեալ Նահանգներուն Ու Ռուսիոյ Պիտի Արտօնէ Միասին Պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ» Ըսաւ Օպամա

Պարաք Օպամա «Կազեթա» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միջազգային ընտանիքը սկսած է սուրիական պատերազմի քաղաքական լուծման եւ զինադադարի հոլովոյթը: Ատիկա պիտի արտօնէ սուրիացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ որեւէ երկրի, ներառեալ` մեր դաշնակիցներուն, նաեւ այնպիսի երկիրներու, ինչպիսին Ռուսիան է, կեդրոնանալ հասարակաց նպատակի` ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելուն վրայ»: Օպամա նաեւ թուած է այն չորս քայլերը, որոնք անհրաժեշտ...

Քանատան Եւ Մեքսիքան Իրաւունք Ստացած Են  Միացեալ Նահանգներու Դէմ  Պատժամիջոցներ Սահմանելու

Քանատան Եւ Մեքսիքան Իրաւունք Ստացած Են Միացեալ Նահանգներու Դէմ Պատժամիջոցներ Սահմանելու

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը Քանատային եւ Մեքսիքային իրաւունք տուած է տարեկան մէկ միլիառ տոլարի պատժամիջոցներ սահմանել Միացեալ Նահանգներու դէմ: Քանատան կրնայ մեծցնել ամերիկեան արտադրութիւններու ներածման սակագիները ընդհանուր առմամբ 780 միլիոն տոլարով, իսկ Մեքսիքան` 228 միլիոն տոլարով: Երեք երկիրներուն միջեւ առեւտրական վէճը սկսած է 2009-ին, երբ Միացեալ Նահանգներ պահանջած են, որ խանութները յատուկ ապրանքային պիտակներ կիրարկեն: Միացեալ Նահանգներու...

Մամետեարով Կը Դժգոհի.  Պելկրատի Մէջ Յատուկ Անդրադարձ  Կատարուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու  Իրաւունքներու Ոտնահարումներուն

Մամետեարով Կը Դժգոհի. Պելկրատի Մէջ Յատուկ Անդրադարձ Կատարուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումներուն

Էլմար Մամետեարով «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պելկրատի մէջ ընթացած ԵԱՀԿ-ի 22-րդ նախարարական խորհուրդին զուգահեռ տեղի ունեցած է առանձին քննարկում` նուիրուած ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան խնդիրներուն: Քննարկումին մասնակցած են քանի մը տասնեակ երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, ապա կազմուած է համապատասխան զեկուցում: Զեկուցումը, որ կը կազմէ աւելի քան հարիւր էջ, անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու...

Ազրպէյճանի Զինուորական  Պիւտճէն` Կիսով Կրճատուած

Ազրպէյճանի Զինուորական Պիւտճէն` Կիսով Կրճատուած

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Ազատլըկ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է 2016-ի պետական պիւտճէի մասին օրէնքը, որուն մէջ պաշտպանական մարզին համար ծախսերը, անցեալ տարուան համեմատ, կրճատուած են գրեթէ երկու անգամով եւ նախատեսուած է 1 միլիառ 937 միլիոն 821.237 հազար մանաթի մակարդակի, ինչ որ կը կազմէ ամբողջ պետական պիւտճէի ծախսերուն 12,6 առ հարիւրը: Կը նշուի,...

Զուիցերիական Օրաթերթը Գրած Է  Թուրքիոյ Ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի Կատարած  Բամպակի Առեւտուրին Մասին

Զուիցերիական Օրաթերթը Գրած Է Թուրքիոյ Ճամբով ՏԱՀԵՇ-ի Կատարած Բամպակի Առեւտուրին Մասին

Զուիցերիական «Թրիպիւն տը Ժընեւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ եկամուտ կ՛ապահովէ առեւտուրէն բամպակի, որուն տեղափոխումը կը կատարուի Թուրքիոյ տարածքով: Օրաթերթին տուեալներով` Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն առաջ երկրին մէջ բամպակը մեծածաւալ կերպով կ՛արտադրուէր, իսկ այսօր բամպակի դաշտերուն մեծ մասը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ: «ՏԱՀԵՇ քարիւղի առեւտուրէն իր ստացած տարեկան 2 միլիոն տոլար եկամուտին եւ մարդոց համար փրկագին պահանջելու կողքին...

«Արաբական Միացեալ Ուժի Հարցը  Քննարկումի Առարկայ Է»  Ըսաւ Արապի

«Արաբական Միացեալ Ուժի Հարցը Քննարկումի Առարկայ Է» Ըսաւ Արապի

Նեպիլ Արապի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան երեւոյթը ամբողջ արաբական շրջանին համար կը ներկայացնէ վտանգ մը` նշելով, որ Շարմ Շէյխի մէջ տեղի ունեցած վերջին արաբական վեհաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ արաբական ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար ստեղծել արաբական միացեալ ուժ մը եւ այդ առնչութեամբ պատրաստուեցաւ արձանագրութիւն մը, որ չէ ստորագրուած եւ տակաւին...

Նիւ Եորքի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ  Միջազգային Ժողովը Հարցականի Տա՞կ

Նիւ Եորքի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Միջազգային Ժողովը Հարցականի Տա՞կ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով միջազգային ժողովը պիտի գումարուի 18 դեկտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ: Սակայն նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «տակաւին կանուխ է Սուրիոյ հարցով 18 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ժողովին մեր մասնակցութեան պատրաստակամութեան մասին խօսելու»` նշելով. «Կարելի չէ Սուրիոյ մէջ զինադադարի շուրջ երկխօսութեան սկսիլ, նախքան ահաբեկիչներու ցանկի ճշդումը»:...

Page 817 of 882 1 … 816 817 818 … 882

Արխիւներ