Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս Միջազգային Դաշինքի Օդուժին Կողմէ Սուրիոյ Բանակին Դէմ Հարուածը Որակած Է «Բացայայտ Յարձակում»

December 8, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Syria_120715

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «բացայայտ յարձակում» որակած է Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներու օդուժի Տէր Զօրի շրջանին մէջ հրթիռային հարուածը Սուրիոյ բանակի ճամբարին դէմ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշինքի չորս օդանաւեր 9 հրթիռներ արձակած են կառավարական ուժերու դիրքերուն դէմ: «Զոհուած է երեք զինուոր, 13 ուրիշներ վիրաւորուած են», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջած է «անմիջական միջոցներու ձեռնարկել, որպէսզի այդպիսի յարձակումներուն կրկնուիլը չարտօնուի»:

Միջադէպը տեղի ունեցած է 6 դեկտեմբերին: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մէջ բանբերը հերքեց, թէ դաշնակից ուժերը նշեալ շրջանին մէջ գործողութիւն կատարած են:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ զուիցերիական «Թակես-Անցայկեր» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար ՕԹԱՆ-եան ցամաքային ուժերու Սուրիա ուղարկումը: «Ատիկա չկայ դաշինքի եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու ծրագիրներուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ այնտեղ ունին սահմանափակ թիւով յատուկ ստորաբաժանումներ: Առաջնահերթութիւնը տեղական ուժերու ամրապնդումն է: Ատիկա դիւրին չէ, սակայն միակ տարբերակն է», ըսաւ ան:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ ներկայ տագնապը Արեւմուտքի եւ իսլամական աշխարհի դիմակայութիւն չէ, այլ պայքար է «ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ»: «Իսլամները այս պատերազմի առաջին գիծին վրայ են: Զոհերուն մեծամասնութիւնը իսլամներ են, իսլամներ են նաեւ մեծամասնութիւնը անոնց, որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ», ընդգծեց Սթոլթենպերկ»:

 

Նախորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցները Արձագանգած Են Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հանրաքուէին

Յաջորդը

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Խաթարել Իրաքի Գերիշխանութիւնը». «Թեհրանի Յարանուանական Քաղաքականութիւնը Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ.  Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն  Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ. Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

March 7, 2026
Ազրպէյճան Կը Յայտարարէ Իրանի Յեղափոխական  Պահակագունդին Կողմէ Ահաբեկչական  Գործողութիւններ Կանխելու Մասին
Միջազգային

Ազրպէյճան Կը Յայտարարէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին Կողմէ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Կանխելու Մասին

March 7, 2026
Ազրպէյճան Իր Դիւանագէտները  Իրանէն Դուրս Կը Բերէ
Միջազգային

Ազրպէյճան Իր Դիւանագէտները Իրանէն Դուրս Կը Բերէ

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.