Միջազգային

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կը Սպառնայ Թուրքիոյ

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ

Իպրահիմ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ Թուրքիայէն վերստին  պահանջեց իր ուժերը հեռացնել հիւսիսային Իրաքէն` զգուշացնելով, որ Պաղտատ կրնայ զինեալ գործողութեան դիմել, եթէ այդ հեռացումը տեղի չունենայ: Ժաաֆարի յայտարարեց. «Պաղտատ պիտի շարունակէ խաղաղ միջոցներ կիրարկել, սակայն եթէ այլընտրանքը չմնայ եւ մեզի պարտադրուի կռուիլ, ապա այդ հարցը պիտի սերտենք` մեր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար»: Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի...

Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է  Սուրիոյ Մէջ Ռուսական  Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ

Քերրի Լաւրովին Մտահոգութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Հարուածներուն Առնչութեամբ

Քերիի եւ Լաւրով «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի օդային հարուածներուն առնչութեամբ: «Լաւրովի հետ խօսակցութեան ընթացքին Քերրի նշած է ռուսական օդային հարուածներու...

Ըստ Փենթակոնի.  Ամերիկեան Օդանաւակիրի Մը  Մօտ Իրանեան Հրթիռ Մը Ինկած Է

Ըստ Փենթակոնի. Ամերիկեան Օդանաւակիրի Մը Մօտ Իրանեան Հրթիռ Մը Ինկած Է

«Հերի Թրումըն» օդանաւակիրը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Քայլ Ռէյնզ յայտնեց, որ իրանեան հրթիռ մը ինկած է Ծոցի մէջ գտնուող ամերիկեան օդանաւակիրէ մը 1300 մեթր հեռու: Ան դէպքը նկատեց «արտասովոր»` աւելցնելով, որ խնդրոյ առարկայ օդանաւակիրը իրանեան շրջանային ջուրեր մուտք չէ գործած: «Դէպքը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ ամերիկեան «Հերի Թրումըն» օդանաւակիրը կ՛անցնէր Հորմուզի նեղուցէն եւ իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդը այդտեղ ռազմափորձեր...

Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղած Է`  Սուրիական Կեղծ Անձնագիրներու Պատճառով  Խստացնելու Փաստաթուղթերու Ստուգումը

Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղած Է` Սուրիական Կեղծ Անձնագիրներու Պատճառով Խստացնելու Փաստաթուղթերու Ստուգումը

Պեռնար Քազանով «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է` բարելաւելու ճանաչման համակարգը սուրիական կեղծ անձնագիրներու, որոնցմով մարդիկ կը յայտնուին Եւրոպայի մէջ: Այդպիսի առաջարկ կապուած է 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւններուն ընթացքին անձնասպանութիւն գործած երկու անձերու մօտ այդպիսի անձնագիրներու յայտնաբերման: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանով Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած իր նամակին մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է...

ՄԱԿ. «Տարեսկիզբէն Ծովու Ճամբով  Եւրոպա Հասած Են Մէկ Միլիոն Գաղթականներ,  Որոնց Աւելի Քան 500 Հազարը Սուրիացիներ Են»

ՄԱԿ. «Տարեսկիզբէն Ծովու Ճամբով Եւրոպա Հասած Են Մէկ Միլիոն Գաղթականներ, Որոնց Աւելի Քան 500 Հազարը Սուրիացիներ Են»

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեշ յայտարարած է, որ 2015-ի սկիզբէն ի վեր Միջերկրական ծովու ճամբով Եւրոպա հասած են շուրջ մէկ միլիոն ապօրինի գաղթականներ, որոնց շարքին` աւելի քան 500 սուրիացիներ: «Այս տարի ծովու ճամբով Եւրոպա հասած են գրեթէ մէկ միլիոն մարդիկ, որոնց 50 առ հարիւրէն աւելին սուրիացիներ են», ըսած է ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Սուրիոյ...

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ  Գոյութիւն Ունի Համաձայնութիւն,  Թէ Ո՛ր Խմբաւորումները  Պէտք Է Նկատուին Ահաբեկչական»  Ըսաւ Թոնըր

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունի Համաձայնութիւն, Թէ Ո՛ր Խմբաւորումները Պէտք Է Նկատուին Ահաբեկչական» Ըսաւ Թոնըր

Մարք Թոնըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունի որոշակի համաձայնութիւն այն հարցին շուրջ, թէ Սուրիոյ մէջ ո՛ր խմբաւորումները պէտք է նկատուին ահաբեկչական: «Մենք Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն ունինք շարք մը խմբաւորումներու, մասնաւորաբար Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ», ըսաւ ան: Ըստ Թոնըրի, «ատիկա բանակցային հոլովոյթի բաղկացուցիչ մասն է»: «Որոշ խմբաւորումներու շուրջ...

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Խաղաղ Լուծում  Գտնելու Համար Կը Խորհրդակցինք  Սէուտական Արաբիոյ Հետ»

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Խաղաղ Լուծում Գտնելու Համար Կը Խորհրդակցինք Սէուտական Արաբիոյ Հետ»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սէուտական Արաբիա իր այցելութենէն առաջ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը վճռած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել եւ այդ նպատակին համար կը շարունակէ մաս կազմել Միջազգային դաշինքին: «Գոյութիւն ունի անձ մը, որ կը պնդէ, թէ ժողովրդավարութեան կը հաւատայ, սակայն թուրք ժողովուրդն ու թրքական օրէնքները չի յարգեր եւ աշխատանք կը տանի արիւնահեղութիւն կատարելու», ըսաւ...

Ապպասի Օգնականը Կը Յուսայ, Որ Կազայի Մէջ  «Ոտք Դնելու» Թուրքիոյ Պահանջին Լուրը Սխալ Ըլլայ

Ապպասի Օգնականը Կը Յուսայ, Որ Կազայի Մէջ «Ոտք Դնելու» Թուրքիոյ Պահանջին Լուրը Սխալ Ըլլայ

Մահմուտ Ապպաս Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի օգնական Մոհամետ Աշթիյէ յոյս յայտնեց, որ այն լուրը, թէ Թուրքիա Իսրայէլէն պահանջած է Կազայի մէջ իր «ոտքը դնել», սխալ ըլլայ: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գիտէ, թէ Կազան մաս կը կազմէ պաղեստինեան հողամասերուն եւ անիկա անկախ հանրապետութիւն մը չէ: Ան նաեւ գիտէ, որ պաղեստինեան օրինականութեան ներկայացուցիչը նախագահ Ապպասն...

Ըստ Քրտական Ազգային Միութեան.  800-էն 1000 Թուրք Զինուորներ  Կը Շարունակեն Մնալ Զալիքան Ճամբարին Մէջ

Ըստ Քրտական Ազգային Միութեան. 800-էն 1000 Թուրք Զինուորներ Կը Շարունակեն Մնալ Զալիքան Ճամբարին Մէջ

Նինուէի մէջ Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան բանբեր Ղայս Սուրժի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ հրասանդներէ արձակուած շարք մը ռումբերով ռմբակոծած է Զալիքան ճամբարը, որուն պատճառով իրաքցի կամաւոր մը սպաննուած է եւ չորս ուրիշներ` վիրաւորուած: Այդտեղ գտնուող թրքական ուժերը անմիջապէս փոխադարձ ռմբակոծման դիմած են` օգտագործելով հրետանիներ եւ հրասայլեր: Անդրադառնալով թրքական ուժերուն դէպի Տահուք նահանգ մասնակի հեռացման յայտարարութենէն ետք տակաւին ճամբարին մէջ գտնուող թրքական...

«Վրաստան Համարձակ Քայլերու Պիտի Դիմէ  Աբխազներու Եւ Օսերու Հետ Հաշտուելու Համար»  Ըսաւ Քվիրիքաշվիլի

«Վրաստան Համարձակ Քայլերու Պիտի Դիմէ Աբխազներու Եւ Օսերու Հետ Հաշտուելու Համար» Ըսաւ Քվիրիքաշվիլի

Կէորկի Քվիրիքաշվիլի «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետի թեկնածու Կէորկի Քվիրիքաշվիլի յայտարարած է, որ Թիֆլիսը համարձակելու արիակամ քայլեր պիտի կատարէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ժողովուրդներուն հետ հաշտուելու համար: «Մեր գլխաւորագոյն գերակայ հարցը պիտի ըլլայ հաշտութեան քաղաքականութեան ուղղութեամբ քայլերու առաւելագոյն ուժեղացումը, պիտի փորձենք յաւելեալ արիակամ քայլեր կատարել: Ժամանակը մեր դէմ կ՛աշխատի, եւ մենք բոլորս պէտք է ատոր գիտակցինք: Ժամանակը...

Մոնթենեկրօ Իր Արտաքին Գործոց Նախարարին  Թեկնածութիւնը Առաջադրած Է ՄԱԿ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Մոնթենեկրօ Իր Արտաքին Գործոց Նախարարին Թեկնածութիւնը Առաջադրած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Իկոր Լուքշիչ «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մոնթենեկրոյի կառավարութիւնը որոշած է երկրի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Իկոր Լուքշիչի թեկնածութիւնը առաջադրել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին: «Տակաւին ինը տարի առաջ մենք չունէինք մեր պետութիւնը, իսկ այժմ ունինք լուրջ թեկնածու, որ աջակցութիւն կը վայելէ ՄԱԿ-ի մէջ գլխաւոր պաշտօնը վարելու հարցին մէջ», յայտարարած է Մոնթենեկրոյի վարչապետ Միլօ Ճուքանովիչ: Լուքշիչ ըսած է, որ պետական...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը  Պիտի Քննարկէ Թուրքիոյ Մէջ  Կրակմարի Դրութեանց Հարցը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննարկէ Թուրքիոյ Մէջ Կրակմարի Դրութեանց Հարցը

«Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ Մերալ Տանըշ Պեշթաշ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ պարբերաբար յայտարարուող կրակմարի դրութեան հարցը ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին: Ան այդ քայլին դիմելու որոշումը տուած է, երբ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է այս հարցով ներկայացուած դիմումները: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ներկայացուած դիմումին մէջ կը նշուի, որ 16 օգոստոսէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ...

Ժաաֆարի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ`  Ողջմտութեամբ Գործելով Իրաքէն Հեռանալու

Ժաաֆարի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ողջմտութեամբ Գործելով Իրաքէն Հեռանալու

Իպրահիմ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «ընդառաջելու Արաբական լիկայի որոշումին եւ ողջմտութեամբ գործելով հեռանալու Իրաքէն»: Ժաաֆարի անդրադարձաւ իսլամական զինուորական ուժի յառաջացման նախաձեռնութեան եւ ըսաւ, որ Իրաք կը ձգտի երկխօսութեան եւ դրական կերպով կ՛ընկալէ այդ նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ շրջանին համար ՏԱՀԵՇ «աւելի վտանգաւոր է, քան սուրիական վարչակազմը»: Իրաքեան...

Փութին Ստորարգած Է Թրքական  Ընկերութիւններու Դէմ Նոր  Սահմանափակումներ  Նախատեսող Հրամանագիր Մը

Փութին Ստորարգած Է Թրքական Ընկերութիւններու Դէմ Նոր Սահմանափակումներ Նախատեսող Հրամանագիր Մը

Վլատիմիր Փութին ԹԱՍՍ կը նշէ, թէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Ռուսիոյ տարածքին աշխատանքներու կատարման արգելքի տեսքով պատժամիջոցներու տակ կը յայտնուին ոչ միայն թրքական ընկերութիւնները, այլ նաեւ այն ագարակները, որոնք կը վերահսկուին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կողմէ: Փաստաթուղթը փոփոխութիւններ կը կատարէ Ռուսիոյ նախագահի` Թուրքիոյ դէմ յատուկ տնտեսական միջոցներու վերաբերեալ 28 նոյեմբերի...

Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի  Տեղահանուած Մը Սպաննուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Տեղահանուած Մը Սպաննուած Է

Նաժի Ժերֆ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ սուրիացի լրագրող եւ գործիչ Նաժի Ժերֆ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հաղորդում կը պատրաստէր, սպաննուած է Թուրքիոյ մէջ: Անծանօթ զինեալ մը կամ զինեալներ Այնթապի մէջ ձայնարգելով օժտուած ատրճանակով կրակած են անոր գլխուն: Ժերֆ անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չեն կրցած փրկել անոր կեանքը: Թրքական ոստիկանութիւնը հետաքննութեան ձեռնարկած է բացայայտելու համար յանցագործներն ու յանցագործութեան...

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. «Ափրիկէի Մէջ Միլիոնէ  Աւելի Երեխաներ Դպրոց  Չեն Յաճախեր Ահաբեկիչներու Պատճառով»

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. «Ափրիկէի Մէջ Միլիոնէ Աւելի Երեխաներ Դպրոց Չեն Յաճախեր Ահաբեկիչներու Պատճառով»

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Մանուէլ Ֆոնթեն յայտնած է, որ Նիկերիոյ եւ դրացի երկիրներուն մէջ աւելի քան 1 միլիոն երեխայ դպրոցական կրթութիւն չի ստանար Պոքօ Հարամ ահաբեկչական խմբաւորման գործունէութեան պատճառով: «Որքան անոնք աւելի երկար չեն յաճախեր դպրոց, այնքան անոնց համար աւելի մեծ է բռնութեան, առեւանգման եւ զինեալ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ զինուորագրուելու վտանգը»,...

Փորոշենքօ Վաւերացուց 2016-Ին ՕԹԱՆ-ի  5 Հազար Զինուորներու Ուքրանիոյ Մէջ  Տեղակայումը Արտօնող Փաստաթուղթ Մը

Փորոշենքօ Վաւերացուց 2016-Ին ՕԹԱՆ-ի 5 Հազար Զինուորներու Ուքրանիոյ Մէջ Տեղակայումը Արտօնող Փաստաթուղթ Մը

»Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ արտօնեց, որ 2016-ին ՕԹԱՆ-ի 5 հազար զինուորներ տեղակայուին Ուքրանիոյ մէջ: Փորոշենքօ վաւերացուց փաստաթուղթ մը, որ կ՛արտօնէ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէ զինուորներուն մուտք գործել Ուքրանիա: Ուքրանիոյ նախագահութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած փաստաթուղթին բնագիրին համաձայն, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէ քանի մը հազար զինուորներու կ՛արտօնուի յառաջիկայ տարի մասնակցիլ ուքրանական հողամասերուն վրայ կատարուելիք զինուորական մարզումներուն:

Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի  Սուլթաններու Թոռներն Են.  Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին  Կ՛օժանդակէ Ընդդէմ Սուրիացի Անզէն Ժողովուրդին»

Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ընդդէմ Սուրիացի Անզէն Ժողովուրդին»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «կարգ մը միջազգային ուժեր սուրիական արիւնարբու վարչակարգին կողքին կը կանգնին եւ կը սպաննեն սուրիացի անմեղ ժողովուրդը»` նշելով. «Ռուսիա սուրիացի անզէն ժողովուրդի սպանութեան մէջ կ՛օժանդակէ սուրիական մարդասպան վարչակարգին եւ Սուրիոյ համար ունի ապագայի ծրագիրներ»: «Ռուսիա սուրիական վարչակարգին դաշնակիցն է, իսկ մեր դաշնակիցը սուրիացի բարեկամ ժողովուրդն է», ըսաւ ան եւ յայտարարեց, որ...

Քորսիքայի Մէջ Ցոյցեր`  Արաբներու Վտարման Պահանջով

Քորսիքայի Մէջ Ցոյցեր` Արաբներու Վտարման Պահանջով

Ֆրանսայի Քորսիքա կղզիին վրայ շուրջ հարիւր անձեր կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին բացագանչեցին «Արաբները դուրս» եւ «Ասիկա մեր երկիրն է»: Ցոյցը տեղի ունեցաւ աղքատ թաղամասի մը մէջ, ուր գտնուող իսլամներուն նամազի յատկացուած սրահ մը մէկ օր առաջ վնասներ կրած էր: Յարձակումի ընթացքին վիրաւորուած էին երեք անձեր` 2 հրշէջներ եւ ոստիկան մը: Հրշէջները յայտնեցին, որ յարձակումը գործուած է շուրջ քսան անձերու...

Ժէյշ Իսլամի Ղեկավար  Զահրան Ալլուշ Սպաննուեցաւ

Ժէյշ Իսլամի Ղեկավար Զահրան Ալլուշ Սպաննուեցաւ

Զահրան Ալլուշ Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ մեծագոյն խմբաւորումներէն Ժէյշ Իսլամի ղեկավար Զահրան Ալլուշ սպաննուեցաւ, երբ Դամասկոսի Ղութա Շարքիայի Ութայա գիւղին մէջ խմբաւորման մէկ կեդրոնը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Ռմբաձիգ մը հարուածեց այն շէնքը, ուր տեղի կ՛ունենար Ժէյշ Իսլամի ղեկավարութեան ժողովը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, յարձակումը գործուեցաւ ռուսական օդուժին կողմէ, իսկ ըստ ուրիշներու` սուրիական օդուժին կողմէ: Յարձակումին ժամանակ Ժէյշ Իսլամի ղեկավարութեան կեդրոնին...

Page 813 of 882 1 … 812 813 814 … 882

Արխիւներ