
«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետի թեկնածու Կէորկի Քվիրիքաշվիլի յայտարարած է, որ Թիֆլիսը համարձակելու արիակամ քայլեր պիտի կատարէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ժողովուրդներուն հետ հաշտուելու համար:
«Մեր գլխաւորագոյն գերակայ հարցը պիտի ըլլայ հաշտութեան քաղաքականութեան ուղղութեամբ քայլերու առաւելագոյն ուժեղացումը, պիտի փորձենք յաւելեալ արիակամ քայլեր կատարել: Ժամանակը մեր դէմ կ՛աշխատի, եւ մենք բոլորս պէտք է ատոր գիտակցինք: Ժամանակը կ՛աշխատի այն բանին դէմ, որ մարդիկ վերադառնան իրարու մօտ, այն բանին դէմ, որ վրացիները վերադարձնեն օսերն ու աբխազները: Ուստի մենք առաւելագոյն չափով պիտի ջանանք համարձակ քայլեր կատարել: Անգամ մը եւս կը հաւաստենք մեր այն տրամադրուածութիւնը, որ ամբողջ բարիքը, որ ստեղծուած է երկրին մէջ, նախ եւ առաջ հասանելի պիտի ըլլայ մեր օս ու աբխազ եղբայրներուն», յայտարարած է Քվիրիքաշվիլի` 28 դեկտեմբերին վրացական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:


