Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Խաղաղ Լուծում Գտնելու Համար Կը Խորհրդակցինք Սէուտական Արաբիոյ Հետ»

December 30, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սէուտական Արաբիա իր այցելութենէն առաջ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը վճռած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել եւ այդ նպատակին համար կը շարունակէ մաս կազմել Միջազգային դաշինքին:

«Գոյութիւն ունի անձ մը, որ կը պնդէ, թէ ժողովրդավարութեան կը հաւատայ, սակայն թուրք ժողովուրդն ու թրքական օրէնքները չի յարգեր եւ աշխատանք կը տանի արիւնահեղութիւն կատարելու», ըսաւ ան` նշելով. «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու համար ջանքերու աշխուժացման հանգրուանին մէջ կապ կը հաստատենք եւ կը խորհրդակցինք Սէուտական Արաբիոյ հետ»:

«Մեր նպատակը տագնապներու գօտիներուն մէջ, նախ եւ առաջ Սուրիոյ մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատումն է», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը իր երկրի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն կոչ ուղղեց մասնակցելու նոր սահմանադրութեան բանաձեւման աշխատանքին` մաղթելով, որ կուսակցութիւնները յարգեն նոր սահմանադրութեան ճամբով իրենց տուած խոստումները, եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր արտաքին այցելութիւններէն վերադառնալէ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք դրական արդիւնքի հասնի:

Թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Էրտողան նշած է, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ Ռուսիա իր կատարած այցելութեամբ «հանած է իր դիմակը»: Էրտողան Տեմիրթաշի կատարածը սադրանք եւ դաւաճանութիւն անուանած է:

 

Նախորդը

Ապպասի Օգնականը Կը Յուսայ, Որ Կազայի Մէջ «Ոտք Դնելու» Թուրքիոյ Պահանջին Լուրը Սխալ Ըլլայ

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունի Համաձայնութիւն, Թէ Ո՛ր Խմբաւորումները Պէտք Է Նկատուին Ահաբեկչական» Ըսաւ Թոնըր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.