Փենթակոն Հրաժարած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Համագործակցիլ Մոսկուայի Հետ
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Միշել Պալտանսա «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ թէեւ Ռուսիա պատրաստ է ՏԱՀԵՇ-ի մասին տեղեկութիւններու փոխանակում կատարել` Փենթակոնը մտադիր չէ Սուրիոյ հարցով գործակցիլ Ռուսիոյ հետ, այնքան ատեն որ Մոսկուա չէ փոխած Ասատի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Զօրավար Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտնած էր, որ Ռուսիա պատրաստ է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքին հետ Սուրիոյ մէջ...




















