
Նինուէի մէջ Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան բանբեր Ղայս Սուրժի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ հրասանդներէ արձակուած շարք մը ռումբերով ռմբակոծած է Զալիքան ճամբարը, որուն պատճառով իրաքցի կամաւոր մը սպաննուած է եւ չորս ուրիշներ` վիրաւորուած: Այդտեղ գտնուող թրքական ուժերը անմիջապէս փոխադարձ ռմբակոծման դիմած են` օգտագործելով հրետանիներ եւ հրասայլեր:
Անդրադառնալով թրքական ուժերուն դէպի Տահուք նահանգ մասնակի հեռացման յայտարարութենէն ետք տակաւին ճամբարին մէջ գտնուող թրքական ուժի թիւին` Սուրժի ըսաւ. «Հեռացումը կը վերաբերէր միայն կարգ մը հրասայլերու, փոխադրակառքերու եւ խումբ մը զինուորներու: Թուրք պաշտօնատարները հրապարակաւ յայտարարեցին, որ հեռացումը մասնակի է»:
Ան աւելցուց, որ շուրջ 800-էն հազար թուրք զինուորներ տակաւին կը մնան ճամբարին մէջ, եւ թրքական ուժերու հեռացման գործողութիւնը այժմ կանգ առած է:


