
Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ մեծագոյն խմբաւորումներէն Ժէյշ Իսլամի ղեկավար Զահրան Ալլուշ սպաննուեցաւ, երբ Դամասկոսի Ղութա Շարքիայի Ութայա գիւղին մէջ խմբաւորման մէկ կեդրոնը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ:
Ռմբաձիգ մը հարուածեց այն շէնքը, ուր տեղի կ՛ունենար Ժէյշ Իսլամի ղեկավարութեան ժողովը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, յարձակումը գործուեցաւ ռուսական օդուժին կողմէ, իսկ ըստ ուրիշներու` սուրիական օդուժին կողմէ:
Յարձակումին ժամանակ Ժէյշ Իսլամի ղեկավարութեան կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենար Ահրար Շամի եւ «Ապտելրահման» ջոկատի ղեկավարներուն միջեւ հաշտութեան ժողով մը:
Ալլուշ սալաֆական գաղափարախօսութեան հետեւորդ մըն էր եւ իսլամական պետութեան մը հաստատման ջատագովը: Ան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանար ժողովրդավարական եւ հանրապետական վարչաձեւերուն, որովհետեւ, ըստ իրեն, ժողովրդավարութիւնը մարդիկը կը մասնատէ խումբերու եւ կուսակցութիւններու, ինչ որ անոնց միջեւ պայքարի եւ կռիւի կ՛առաջնորդէ:
Ան կը նախընտրէր օմայատներու խալիֆաները, քան անոնց նախորդող եւ Մոհամետ մարգարէի մահէն անմիջապէս ետք իշխանութեան հասած խալիֆաները:


