
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է` բարելաւելու ճանաչման համակարգը սուրիական կեղծ անձնագիրներու, որոնցմով մարդիկ կը յայտնուին Եւրոպայի մէջ:
Այդպիսի առաջարկ կապուած է 13 նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւններուն ընթացքին անձնասպանութիւն գործած երկու անձերու մօտ այդպիսի անձնագիրներու յայտնաբերման:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանով Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած իր նամակին մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է ուժեղացնելու անվտանգութիւնը` արտաքին սահմաններու վրայ մարդոց փաստաթուղթերը ստուգելու համար նախատեսուած սարքերու կատարելագործման միջոցով, յատկապէս` Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը նշած է, որ երկրին ներքին գործոց նախարարութիւնը յոյս ունի այս խնդիրը քննարկելու յունուար 2016-ին:


