
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունի որոշակի համաձայնութիւն այն հարցին շուրջ, թէ Սուրիոյ մէջ ո՛ր խմբաւորումները պէտք է նկատուին ահաբեկչական:
«Մենք Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն ունինք շարք մը խմբաւորումներու, մասնաւորաբար Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ», ըսաւ ան:
Ըստ Թոնըրի, «ատիկա բանակցային հոլովոյթի բաղկացուցիչ մասն է»: «Որոշ խմբաւորումներու շուրջ մենք ունինք համաձայնութիւն, քանի մը հատին շուրջ` ոչ», աւելցուց ան:
Թոնըր նաեւ յայտարարեց, որ Ժէյշ Իսլամ խմբաւորման ղեկավար Զահրան Ալլուշի սպանութիւնը կրնայ դժուարացնել Սուրիոյ մէջ հրացանաձգութեան դադրեցման եւ քաղաքական լուծման հասնելու ուղղութեամբ ջանքերը:
Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգները աջակցութիւն չեն տրամադրեր Ժէյշ Իսլամ խմբաւորման, որովհետեւ «լուրջ մտահոգութիւններ կան մարտի դաշտին մէջ խմբաւորումի վարքին վերաբերեալ»:
Միեւնոյն ժամանակ, Թոնըր ընդգծեց, որ Ժէյշ Իսլամ կը պաշտպանէ քաղաքական հոլովոյթը տագնապին վերջ տալու համար եւ կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Ան յիշեցուց, որ խմբաւորումին ներկայացուցիչները մասնակցած են Ռիատի մէջ տեղի ունեցած ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին, որ ան կարեւոր քայլ նկատեց քաղաքական լուծման եւ ազգային հաշտութեան հասնելու համար:


