Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Իրանեան Ջուրեր Մուտք Գործած Ամերիկացի Զինուորները Ձերբակալելէ Ետք Ազատ Արձակեց Զանոնք

January 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Iran-US_011316

Թեհրան երէկ իրանեան ջուրեր մուտք գործած ամերիկացի 10 զինուորներ ձերբակալելէ ետք ազատ արձակեց զանոնք:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ ամերիկացի զինուորները ներում հայցած են եւ խոստացած դէպքը չկրկնել, որմէ ետք անոնց ազատ արձակումը տեղի ունեցած է միջազգային ջուրերուն մէջ: Անոնք ազատ արձակուած են, երբ ստուգումէ ետք յստակ դարձած է, որ սահմանի հատումը դիտաւորեալ չէր:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին ծովուժը ձերբակալած է 10 ամերիկացի զինուորներ, որոնք 50 մմ տրամագիծով գնդացիրներով զինուած երկու նաւերով «ապօրինի կերպով» մուտք գործած են իրանեան ջուրեր եւ յառաջացած 2 քիլոմեթր: Կը նշուի, որ 10 զինուորներուն շարքին էր կին մը: Նաւերը օժտուած են տեղորոշիչ սարքերով:

Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Ալի Ֆատուի յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիէն պահանջած է, որ ամերիկացիները ներում հայցեն Իրանի ջրային տարածք մուտք գործելնուն համար:

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ֆայրուզ Ապատի իր կարգին նշեց. «Եթէ մեր ուժերու հրամանատարները իմաստուն չըլլային եւ բարի կամեցողութիւն չունենային, ամերիկացիները այսօր նոր փորձանք մը պիտի դիմագրաւէին»` աւելցնելով, որ իրանեան ուժերը «ամերիկացիներուն դաս մը տուին եւ հաստատեցին, որ շրջանին մէջ ամերիկեան շարժումներուն արթուն կերպով եւ մօտէն կը հետեւին»:

Քերրի աւելի ուշ շնորհակալութիւն յայտնեց իրանեան իշխանութիւններուն` ամերիկացի զինուորներու ազատ արձակման կոչերուն շուտով ընդառաջելնուն համար:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Լաթաքիոյ Մէջ Սուրիական Փոքր Պետութեան Մը Ստեղծման Վերաբերեալ Էրտողանի Յայտարարութիւնները Դատարկաբանութիւն Են»

Յաջորդը

Աբխազիան Միացած Է Թուրքիոյ Դէմ Սահմանուած Ռուսական Պատժամիջոցներուն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.