Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամա Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Որդեգրելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Օրէնքը

Յունուար 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ «Երկրի դրութեան մասին» տարեկան իր ուղերձին ընթացքին Քոնկրեսին կոչ ուղղեց` որդեգրելու այն օրինագիծը, որ կ՛արտօնէ ամերիկեան զինեալ ուժերը օգտագործել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

«Եթէ Քոնկրեսը իրապէս մտադիր է յաղթել այս պատերազմին եւ կ՛ուզէ յստակ պատգամ ուղարկել աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ տեղակայուած մեր զօրքերուն, ապա պէտք է արտօնէք երկրի սահմաններէն դուրս ամերիկեան զինեալ ուժերու օգտագործումը ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ միջազգային ահաբեկչութեան ջախջախումը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ստեղծուած միջազգային անվտանգութեան համակարգի պահպանման կարեւորագոյն պայմանն է:

Օպամա նշեց, որ միջազգային անվտանգութեան արդի համակարգը այժմ յայտնուած է սպառնալիքի տակ` ընդգծելով, որ ատոր պահպանման համար կը պահանջուի քանի մը պայմաններու կատարում:

«Թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է եւ ահաբեկչական ցանցերու ջախջախումը», ըսաւ ան:

«Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը անմիջական սպառնալիք կը ներկայացնեն մեր քաղաքացիներուն համար եւ պէտք է ոչնչացուին», յայտարարեց Օպամա` աւելցնելով, որ այժմ ամերիկեան զինեալ ուժերը Իրաքի, Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ ճիշդ այդ հարցով կը զբաղին:

Օպամա նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիան կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: «Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը կը կրճատուի, ան ներուժ կը ներդրէ, որպէսզի ազդէ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ վրայ. երկիրներ, որոնք դուրս կու գան անոր ազդեցութենէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «Ուքրանիոյ կ՛օգնեն` պաշտպանելու համար ժողովրդավարութիւնը»:

Օպամա նաեւ յայտարարեց. «Երբ հարցը կը վերաբերի չափազանց կարեւոր միջազգային հիմնախնդիրներուն», երկիրները կը դիմեն ոչ թէ Փեքինին ու Մոսկուային, այլ` Միացեալ Նահանգներուն:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Կարողութիւնը Ունի Ահաբեկչական Խմբաւորումներն Ու Այլ Թիրախները Իրարմէ Զատորոշելու» Ըսաւ Շուքրի

Յաջորդը

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակը 8 Տարեկանին Սէուտական Արաբիայէն Հեռացած Սուրիացի Մըն Է

RelatedPosts

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ  Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուտենքօ. «Պատրաստ Ենք Իրանին Եւ Միացեալ Նահանգներուն Համաձայնութեան Հասնելու Օգնելու»

Մայիս 21, 2025
Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ  Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք  Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»
Գլխաւոր լուրեր

Խամենէի. «Չենք Կարծեր, Որ Ամերիկայի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւնները Արդիւնք Պիտի Տան, Եւ Չենք Գիտեր Ի՛նչ Պիտի Պատահի»

Մայիս 21, 2025
ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ  «Աւագ Բանագնաց»  Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան  Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»
Միջազգային

ՔԱԿ-ը Օճալանը Կը Կարգէ Թուրքիոյ Հետ «Աւագ Բանագնաց» Եւ Կը Նշէ. «Անգարան Խաղաղութեան Հոլովոյթին Երաշխիքներ Չտուաւ»

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?