«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած են ձերբակալել այն գիտնականները, որոնք ստորագրած էին քիւրտերուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին երկու օր առաջ թրքական պետութեան յղուած «Խաղաղութեան համար գիտնականներու նախաձեռնութիւն» վերնագիրով կոչին տակ:
Քոճաէլիի հանրապետական դատախազութեան կողմէ գիտնականներուն դէմ սկսած հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած են կոչը ստորագրած 21 գիտնականներ:
Քոճաէլիի դատախազութիւնը քիւրտերու հետ խաղաղութեան կոչը ստորագրած գիտնականները կը մեղադրէ «թուրք ժողովուրդին, թրքական պետութեան, խորհրդարանին, կառավարութեան եւ պետութեան դատական մարմինները հրապարակաւ ստորացնելու եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքով:
Գիտնականները իրենց կոչին մէջ նշած են, որ չեն ուզեր մասնակից ըլլալ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն կրակմարի դրութիւններու եւ բախումներու միջավայրի պատճառով մարդոց իրաւունքներու ոտնահարումներու հետ կապուած յանցագործութիւններուն: Անոնք Թուրքիոյ ղեկավարութեան կոչ ուղղած են խաղաղութիւն հաստատելու քիւրտերուն հետ, դադրեցնելու անոնց կոտորածները եւ արտօնելու յանձնախումբերու բախումներու գօտիներ մեկնումը: Կոչին տակ ներկայ դրութեամբ ստորագրած են 2 հազարէն աւելի թուրք եւ արտասահմանցի յառաջադէմ գիտնականներ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչին տակ ստորագրածները «գիտնականի սեւագրութիւն, խաւարամիտ, անգրագէտ, պետութեան գործերը չհասկցող» կոչած է, իսկ անոր ընկերը` Սետաթ Փեքեր, որ յայտնի է իբրեւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար, սպառնացած է կոտորել գիտնականները եւ «անոնց արիւնով ցնցուղ առնել»: Ան գիտնականները նկատած է «պետութիւնը կործանողներ»:
Թուրքիոյ Անկախ իրաւաբաններու միութեան անդամ քանի մը փաստաբաններ Փեքերի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ Անգարայի հանրապետական գլխաւոր դատախազութեան մէջ «սպառնալիք, վիրաւորանք, զրպարտանք, ատելութիւն, թշնամութիւն, ժողովուրդին մէջ վախ եւ խուճապ» յառաջացնելու մեղադրանքով դատական հայց ներկայացուցած են, ինչ որ արդէն ընդունուած է:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս քննադատեց ակադեմականներու ձերբակալութիւնը` նշելով, որ կառավարութիւնը քննադատելը «դաւաճանութեան համազօր չէ»:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչին տակ ստորագրածները «գիտնականի սեւագրութիւն, խաւարամիտ, անգրագէտ, պետութեան գործերը չհասկցող» կոչած է, իսկ անոր ընկերը` Սետաթ Փեքեր, որ յայտնի է իբրեւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու կազմակերպութեան ղեկավար, սպառնացած է կոտորել գիտնականները եւ «անոնց արիւնով ցնցուղ առնել»:»
Յ.Չ. Ահա Թուրքիոյ իսկական արիւնարբու գազանաբարոյ նկարագիրը: