
Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Իտալիան կ՛արգելակէ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ 3 միլիառ եւրոյի օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրի իրագործումը, որուն դիմաց Անգարան պէտք է օժանդակէ միջինարեւելեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքին դէմ պայքարին մէջ:
Աղբիւրներէն մէկը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Եւրոպական Միութեան անդամ միայն մէկ երկիր առաջուան պէս դէմ է Թուրքիոյ ելեւմտական միջոցներու յատկացման: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ Իտալիան զայն կ՛արգելափակէ»:
Եւրոպական Միութեան երկիրները 29 նոյեմբեր 2015-ի վեհաժողովին ընթացքին նախնական կարգով հաւանութիւն տուած էին Թուրքիոյ տրամադրելու 3 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն, որ նախատեսուած է «տեղահանուածներու մարդասիրական կարիքներու բաւարարման համար»:
Եւրոպացի այլ դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է. «Մենք պէտք է արագ կերպով լուծենք այդ խնդիրը, որպէսզի վստահութեան արժանի գործընկեր ըլլան տեղահանուածներու եւ ներգաղթեալներու հոսքի դադրեցման շուրջ Անգարայի հետ բանակցութիւններուն մէջ»:


