
Քիւրտիստանի համայնքներու միութիւն կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք յայտարարեց, որ 12 յունուարին Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ուղղորդումով:
«Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» եւ «Ազատիա Վելաթ» օրաթերթերու երէկուան թիւին մէջ հրապարակուած «Նոր ցեղասպան գաղութատիրութիւն» վերնագիրով յօդուածին մէջ` մեկնաբանելով Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը` Պայըք ըսած է, որ յարձակումը «ՄԻԹ-ի գործն է»:
«Ինչպէս ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան կ՛ըսէր` «Թուրքիայէն հրթիռներ պիտի արձակենք Սուրիոյ դէմ», Սուլթան Ահմեթի կոտորածը ատոր պէս բան մըն է: Այն, որ պայթումէն անմիջապէս ետք պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ատիկա ՏԱՀԵՇ-ը գործած է, եւ մամուլին արգիլուեցաւ լուսաբանել կացութիւնը, իրականութիւնը պահելու համար կատարուեցաւ», ըսաւ ան:
Պայըքի խօսքով` ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ՄԻԹ-ը ազդեցիկ է, եւ ինքնին նախագահական պալատէն ցուցմունք ստացած է:
«Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սուրիոյ եւ շրջանային քաղաքականութեան մէջ շատ քննադատուած էր, որովհետեւ կ՛երեւէր իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ համագործակցութեան մէջ գտնուող եւ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը ապահովող երկիր: Ատիկա կատարուեցաւ, որպէսզի բարձրացնեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հեղինակութիւնը եւ ապահովեն անոր հետ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը: Այդ կոտորածով աշխատեցան նաեւ կարգաւորել հեղինակութիւնը, եւ քիւրտերու ազատագրական շարժումը ճնշելու պատերազմին մէջ ստանալ այդ երկիրներուն աջակցութիւնը: Ակնյայտ է, որ կոտորածը ծրագրուած է նախագահական պալատին մէջ եւ գործադրուած ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ներթափանցած ՄԻԹ-ին կողմէ», յայտարարեց ան: